16 Դեկտեմբերին, մեկնարկած է Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով արժանապատուութեան երթը` Երեւանի կրկէսին յարակից հրապարակէն: Երթի մասնակիցները պարերաբար կոչ ուղղած են միանալու երթին, միանալու եւ ոչ ըսելու Նիկոլին: Երթին մասնակցա են բազմահազար քաղաքացիներ: Անոնք կը վանկարկէին էին` «Նիկոլ հեռացիր», «Նիկոլ դաւաճան», «Առանց Նիկոլ Հայաստան»:
ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ, Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի համակարգող Իշխան Սաղաթէլեան կոչ ուղղեց բոլորին միանալու արժանապատուութեան երթին, այսինքն միանան հայրենիք փրկութեան պայքարին:
Արժանապատուութեան երթի մասնակիցները քանի մը հարց պարունակող նամակ յանձնեցին Գլխաւոր դատախազութեան: Հարցերը կը վերաբերէին ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան ռազմական վերահսկողական ծառայութեան նախկին պետ Մովսէս Յակոբեանի կողմէն ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հասցէին եղած շարք մը մեղադրանքներուն:
«Մէկ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Արթուր Ղազինեան յայտնեց, որ կ’ուզեն դատախազութենէն իմանալ` արդեօք այդ գործով հարցաքննուած է ՀՀ վարչապետը, եթէ այո, ապա ինչ մանրամասնութիւններ պարզուած են, եթէ ոչ, ապա ինչու չէ հարցաքննուած: Նամակին մէջ ընդդիմադիր ուժերը նաեւ շարք մը այլ հարցեր ուղղած են դատախազութեան:
Երթի ընթացքին յայտարարութիւններով հանդէս եկած են ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ղեկավարներ, նախկին պաշտօնեաներ, անհատներ:
ԱԺ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Նաիրա Զոհրապեան յայտարարեց, որ այսօր հանդիպած է վերջին օրերուն գերեվարուած զինուորական ծառայողներու հարազատներուն, որոնց գերեվարման տեսանիւթերը յայտնուած էին համացանցի վրայ, սակայն իշխանութիւնները հերքած են:
Պատգամաւորը դիտել տուաւ, որ Արցախի մէջ այս պահուն իրավիճակը բաւական լարուած է զոհուած զինուորական ծառայողներու հարազատներու շրջանակին մէջ, որովհետեւ իրենց զաւակներուն մարմիններուն փոխարէն անոնց մէկ բուռ հող տուած են:
ՀՅԴ անդամ Լիլիթ Գալստեան երթի ընթացքին իր խօսքը ուղղեց մտաւորականներուն, նկարիչներուն, գրողներուն, երաժիշտներուն:
Այնուհետեւ երթի մասնակիցները միացուցին հեռախօսի լապտերները` պահելով գլխավերեւին: Անոնք քալեցին Մաշտոցի պողոտայով վանկարկելով «Առանց Նիկոլ Հայաստան»:
Երթի մասնակիցները առանձնայատուկ ողջունցին սիւնեցիներուն, որոնք եկած եւ մասնակցած էին երթին:
Ընդդիմութեան կազմակերպած Արժանապատուութեան երթը հասաւ ՀՀ ոստիկանութեան շէնքին մօտ:
Այստեղ ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան դիմեց ոստիկանութեան աշխատակիցներուն․ Կոչ ուղղեց գործելու օրինականութեան դաշտին մէջ, ապահովել քաղաքացիներու անհնազանդութեան ցոյցերը, չփորձել ճնշումներ գործադրել, կանգնիլ ժողովուրդի կողքին, որ կարելի ըլլայ հեռացնել այս խելագարին ու կառուցել մեր երազած երկիրը: Պէտք է դառնաք խելագարի գործիքը եւ պէտք չէ կատարէք անոր որոշումները` հակառակ պարագային դուք իր հետ կը բանեկցիք դաւաճանական գործողութիւններուն պատասխանատուութիւնը:
ԱԱԾ շէնքին մօտ ՀՀ արդարադատութեան նախկին նախարար Արփինէ Յովհաննիսեան եւս դիմեց ԱԱԾ աշխատակիցներուն յորդորելով պաշտպանել ազգային շահը:
Երթի աւարտին Իշխան Սաղաթէլեան եզրափակիչ խօսքը փոխանցեց ժողովուրդին: