Հինգշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2020-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան պատուիրակութեամբ պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Սուրիոյ Կրթութեան նախարար տիար Տարեմ Թապպաային, Դամասկոսի կրթական նախարարութեան գրասենեակէն ներս:

Սրբազան Հօր ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին տոքթ. Ռուբէն Գէորգեան, Ազգային Վարչութեան անդամ Մեթր Պայքար Թովմասեան եւ Տնտեսական Խորհուրդի անդամ տիար Մուշեղ Պայրամեան:

Պարոն Նախարարը մեծ յարգանքով ընդունեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը: Հանդիպումը կառուցողական եւ դրական ընթացք ունեցաւ:

Պարոն նախարարը ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ Սուրիոյ դպրոցներու կրթական կեանքին, ողջունեց Դամասկոսի եւ Գամիշլիի ազգային վարժարանները երկրորդական բաժինով օժտելու քայլը եւ գնահատեց հայ համայնքին ունեցած դերակատարութիւնը զանազան բնագաւառներէն ներս, յատկապէս կրթական ոլորտէն ներս:

Հանդիպումին արծարծուեցան Բերիոյ Հայոց Թեմի, յատկապէս Ճեզիրէ շրջանի ազգային վարժարաններուն առնչուող ընդհանուր հարցեր եւ կրթական կեանքի զանազան խնդիրներ: Պարոն Նախարարը դրական կերպով ընդառաջեց ներկայացուած առաջարկներուն եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց համագործակցութեամբ եւ միասնական աշխատանքով բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարել:

Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց պարոն Նախարարին ջերմ ընդունելութեան համար եւ բարձր գնահատեց կենսական նկատուող կրթական կեանքի զարգացման համար նախարարութեան ի գործ դրած ծրագիրներն ու աշխատանքները:

Հանդիպումի աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ողջոյնները փոխանցեց եւ այցելութեան առիթով Նորին Սրբութեան «The Armenian Church» աշխատութեան արաբերէն թարգմանութիւնը նուիրեց Սուրիոյ կրթութեան նախարարին:

Պարոն նախարարը այս առիթով Առաջնորդ Սրբազան Հօր նուիրեց նախարարութեան հրատարակութիւններէն հատոր մը: