Գինձ
Անցած օր կը թերթատէի հայր Անդրանիկ Կռանեանի բացատրական բառարանը, ուր գինձ-ին կից կը գտնենք հետեւեալ բացատրութիւնը.
***«Համեմային հատիկ հովանոցաւոր բոյսի (սնոպար)»:
Արդ, սնոպար-ը համեմ չէ, միւս կողմէ՝ սնոպարի ծառը՝ սոճին  կամ շոճին,  հովանոցաւոր չէ: Հովանոցաւոր կը կոչենք այն բոյսերը, որոնց տերեւները բաց հովանոցի ձեւը կ’ունենան: Իսկ սոճիին տերեւները ասեղնաձեւ են, 10-15սմ երկարութեամբ թելիկներ:
***Գայայեան  տուած է ոչինչ լուսաբանող չոփ-չոր սահմանում մը.  «Համեմային հատիկներով բոյս»,–  գնա՛-հասկցիր, թէ ի՛նչ կրնայ ըլլալ ան:
***Հայր Ճիզմեճեանին համար ան ունի հետեւեալ իմաստները՝
ա)Համեմի տեսակ բոյս մը եւ պտուղը (տաճկերէն՝ քիշնիշ):
բ) Ալոճի մանր տեսակը:
գ) Անկուտ խաղող:
Որոնք  միայն կը խճճեն եղածը:
***Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի  1968-ի հրատարակութիւնը կու տայ «համեմային հատիկներով բոյս»,– ուր բառացի  կրկնուած   է Գայայեանը:
***Ըստ Գնէլ արք. Ճերեճեանի (1992)՝
«Համեմային հատիկներով հովանոցաւոր  բոյս, որուն մանր պտուղները (արաբերէն սնուպար) կը գործածուին որոշ կերակուրներու մէջ՝ որպէս համեմ կամ բովելով եւ սխտորի հետ ծեծելով  կը պատրաստեն  չաման, որ ապուխտի երեսին կը քսեն բարկ եւ անուշ  համ մը տալու համար անոր (ֆրանս. coriandre,   թրքերէն քիշնիշ):
Ճերեճեանի այս բացատրութիւնը  մեր միտքը կը լուսաւորէ այնքան, որքան սեւամորթի մը  դէմքը՝  գիշերը, փապուղիի մը մէջ  դիտուած:
Ան բառացի ընդօրինակած է Մալխասեանը՝ առանց, սակայն, բան մը հասկնալու  կարդացածէն ու գինձը շփոթած է սնուպարով:
Նախ արաբերէն հանրածանօթ սնուպարը համեմային չէ, եւ զայն բովելով  չենք կրնար անով՝ չամանի փոխարէն,   ծեփել ապուխտը, որովհետեւ սնուպարին համը բարկ (թթու, կծու) չէ, ինչպէս իսկական չամանինն է, եւ սնուպարով  ծեփուած ապուխտը ոչ համ, ոչ  հոտ, ոչ ալ գնորդ կ’ունենայ…սնանկութեան կը մատնէ զայն պատրաստող ու ծախել փորձող  ապիկար վաճառականը:
***Աշխարհիկ հրատարակութիւններէն  տիկին Անահիտ Տօնիկեանի «Եփելու արուեստը»  համբաւաւոր  աշխատութեան մէջ կը գտնենք գինձ=սնուպար ու վերջ:
Իսկ արեւմտահայ մամուլը  արդէն չի զանազաներ  ասոնք:
* * *
***Աճառեան գինձին կու տայ հետեւեալ բացատրութիւնը. «Մի տեսակ բոյս եւ նրա հատիկները» (coriandrum): Շարունակութեան մէջ. «Բնիկ հայերէն բառ, որ յառաջացած է գինդ «կլոր» բառից. այսպէս կոչուած է  բոյսը՝ սերմի կլորիկ  ձեւից առնելով»:
Աճառեանի տուած  տեղեկութիւնները  փաստօրէն  բաւարար չեն եղած, որպէսզի  մեր միւս հինգ բառարանները,– որոնց բոլորին ալ հեղինակները կ’ենթադրեմ աչքի առաջ ունեցած են «Արմատական»-ը,– կարենային  գոհացուցիչ պատկերացում մը կազմել այս առեղծուածային բոյսին  ու անոր պտուղին մասին  եւ իրենց կարգին յաջողէին ճիշդ լուսաբանել  ընթերցողները: Վկայ այն բոլոր այլանդակութիւնները, որոնց անդրադարձանք  վերը, չհաշուած «Եփելու արուեստը»-ին վաւերացումը մնացեալ բոլորին:
Մեր բառարանները ընդհանրապէս գրուած են  թուրք եւ արաբական հոմանիշներու  հաշուառումով. այսպէս եղած է ի վաղուց անտի, գրաբար բառարաններու օրերէն, օրինակ՝ «Նոր հայկազեան»-ի, ուր մնայուն ներկայութիւն է թրքերէնը, որոշ առումով ալ արաբերէնը՝ յատկապէս նորագոյններուն մէջ: Աճառեան ինք ալ չի վարանիր ընդհանրապէս  այս երկուքով  օժտելու իր բացատրութիւնները, սակայն գինձի պարագային  նման լուսաբանութիւն չենք գտներ:
Այս առումով՝  առաւելագոյն յստակութիւնը կը գտնենք հայր Ղեւոնդ Ալիշանի «Հայբուսակ» աշխատութեան մէջ, որ   եռալեզու` հայերէն, թրքերէն, լատիներէն,  բացառիկ աշխատութիւն մըն է, ուր մեծաթիւ բառերու արաբերէնը եւս տրուած է:
 Այստեղ բացատրելի բառերը թուագրուած են, եւ գինձ-ը  բոլոր բաժիններուն մէջ  կրէ  487 թիւը:   Հայերէն բաժնի մէջ կը գտնենք. « Ծանօթ բոյս, մանրիկ  անուշ խաղողանման հատերով  կամ չամչով»:  Այս նկարագրութենէն ետք կու տայ թրքերէնը՝ քիշմիշ,  ապա  արաբերէնը՝ كزبرة: Եւ կը շարունակէ. «Ֆրանկն  coriandrum ասէ»:  Եւ կը շարունակէ. «Ածվոց -ածուներու-  եւ վայրի լինի». այսինքն՝  կ’աճի պարտէզի ածուին, ինչպէս նաեւ վայրի բնութեան մէջ: Ու կ’աւարտէ. «Եւ լաւն այն է, որ ածվոց լինի»:
Ինչպէս կը նկատենք, բաւական մանրամասն բացատրուած է  գինձ բոյսն ու պտուղը, մանաւանդ  տրուած է անոր արաբերէն անունն ալ, որ շատ կը դիւրացնէ հետազօտողին գործը:
Ուրեմն համադրենք այս բոլորը ու լրացնենք զանոնք:
Ուրեմն գինձը  արեւելքի մէջ շատ ծանօթ քզպարան է, որ  բոլորովին նման է ազատքեղին, այնքան նման, որ քանի մը մեթրէն գրեթէ կարելի չէ  զանազանել  զանոնք: Իրօք ալ երկուքին տերեւները հովանոցաձեւ են: Թարմ գինձը զգալիօրէն աւելի բարկ է, ուստի աւելի համեմային, քան ազատքեղը, որ շատ  աւելի մեղմ համեմ մըն է:
Այս բոյսին մէկ մասը չի քաղուիր, որպէսզի ծաղկի եւ  արտադրէ իր  սերմը, որ     ըստ ծաւալի ու ձեւի շատ կը նմանի փոքր մարգարիտի,– «գինդի», այսինքն՝ օղի, ինչպէս կ’ըսէ աճառեան,– որ թեթեւօրէն մոխրագոյն է: Արեւելեան տեղական ապրանք վաճառող   խանութներուն մէջ շատ սովորական ներկայութիւն է ան:
Սերմը յարաբերաբար աւելի բարկ է, քան թարմ տերեւը: Մալխասեան, որ լաւ կը ճանչնայ զայն, քանի Հայկական Բարձրաւանդակի  մէջ նմանապէս տարածուած բոյս մըն է գինձը, կը հաստատէ, որ  Հայաստանի մէջ ապուխտի պատրաստութեան առթիւ  գինձը յաճախ կը փոխարինէ չամանը:
Արմենակ Եղիայեան