«Արմէնփրէս».- ՀՀ Ազգային ժողովի Շիրակի մարզը ներկայացնող պատգամաւոր Նազելի Պաղդասարեան դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ պաշտօնական Պաքուն ընդունած է  հայկական կողմի 62 քաղաքացիին գերեվարման փաստը:
Ան յայտնած է. «Քիչ առաջ աւարտեցաւ իմ եւ Սոֆիա Յովսէփեանին հանդիպումը Խծաբերդէն գերեվարուած զինուորական ծառայողներու ծնողներուն, ռուս խաղաղապահ զօրքերու հրամանատար Ռուստամ Մուրադովի հետ: Հանդիպումի ընթացքին զօպավարին կողմէն հաստատուեցաւ, որ պաշտօնական Պաքուն ընդունած է հայկական կողմէն գերեվարուած 62 քաղաքացիի փաստը: Սոյն հանգամանքը կարեւոր երաշխիք է մեր քաղաքացիներուն կեանքի եւ առողջութեան անվտանգութեան համար: Գերեվարուածներուն անուանացանկը` մեր եւ Արցախի նախագահի կողմէն եւս փոխանցուած է խաղաղապահներուն հրամանատարութեան, ատրպէյճանական կողմին տալու համար: Այսօրուան հանդիպումին հաստատուեցաւ նաեւ, որ մեր գերեվարուածները կը գտնուին Պաքու: Յաջորդ փուլով պիտի քննարկուին մեր քաղաքացիներուն անվտանգ վերադարձի ժամկէտներն եւ պայմանները»: