ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի անդամ Իշխան Սաղաթէլեան 21 Դեկտեմբերին ուղերձով հանդէս եկած է.
«Պատերազմի եւ անոր խայտառակ պարտութեան հետեւանքով աննախադէպօրէն աւելցած են երկրի ընկերային եւ առողջապահական ծախսերը:
Մօտ ապագային արդէն անհնար պիտի դառնան կենսաթոշակներու, նպաստներու, պետական աշխատավարձերու վճարումները:
Մինչ այդ պետական պիւտճէ եկամուտներու կրճատումը կը շարունակուի, կայուն ձեւով աճի մէջ է երկրի արտաքին եւ ներքին պարտքը, կտրուկ ձեւով նուազած է երկրի տնտեսական աշխուժութիւնը, արձանագրուած է երկրէն դրամագլուխներուն աննախադէպ արտահոսք, արժեզրկուած է մեր երկրի ազգային արժոյթը, առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու գիները աճի մէջ են, իսկ մարդոց եկամուտները` կը նուազի, արդէն առաջնային դարձած են ժողովուրդի գոյատեւման, պարէնային անվտանգութեան հարցերը, յառաջիկային կը սպասուի կազի, էլէկտրաուժանիւթի եւ երթեւեկի սակագիներու բարձրացում, Համատարած ձախողումներու այս կշռոյթով մօտ ապագային բնակչութեան կէսը աղքատ պիտի դառնայ` արագ կշռոյթով կ’աճին գործազրկութիւնը, ապագայի հանդէպ անորոշութեան զգացումը ու բացասական սպասումները:
Կործանարար այս ընթացքին կասեցումը, ծառացած հարցերու հետեւողական լուծումները պահանջած են անոնց հիմնապատճառի եւ ձախողումներու թիւ մէկ պատասխանատու Նիկոլ Փաշինեանի հեռացումը պաշտօնէն:
Առանց Նիկոլի մենք ունինք փրկութեան առիթ, Նիկոլին հետ մեր պետութիւնը դատապարտուած է կործանումի: Առաջնորդուիլ պէտք է բացառապէս այս տրամաբանութեամբ»: