«Արմէնփրէս».- ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը կտրականապէս կը հերքէ տարածուող լուրերը, թէ հրահանգ տրուած է Տաւուշի մարզի երկու գիւղերէն դուրս բերելու զօրամիաւորման ստորաբաժանումները եւ թէ գիւղերը պիտի անցնին Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ:
ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Գէորգ Ալթունեան` անդրադառնալով լրատուամիջոցներուն մէջ շրջանառուող  տեղեկութիւններուն յայտնեց.
«Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը կտրականապէս կը հերքէ այդ լուրերը` անգամ մը եւս յորդորելով ձեռնպահ մնալ չստուգուած եւ կեղծ տեղեկատուութիւն տարածելէ»: