Սուրիոյ կառավարութիւնը յայտարարեց, որ ամսուն 27-էն մինչեւ 31 բոլոր հաստատութիւնները փակ պիտի ըլլան նոր տարուան առիթով: Զարմանքս չպահեմ, ինչո՞ւ այսքան շուտ յայտարարեցին մտածեցի, տակաւին բաւական ժամանակ կայ կաղանդին: Նայեցայ օրուան թուականին ու ի՞նչ տեսնեմ, ամսուն 22-ն է, ամիսը արդէն  հասած է իր աւարտին ու մօտեցած է Ամանորը: Մէկ շաբաթէն պիտի ձգենք 2020-ը մեր ետին ու անցնինք նոր տարի՝ 2021:
Այս տարուան տօնակատարութիւնը ամէն տարուան հրճուանքը չունի, տարբեր է ու դժբախտաբար այս տարբերութիւնը դրական չէ, ցաւի եւ կսկիծի խորունկ ազդեցութիւնը կը կրծէ մեր հոգիները… Այս տարի պիտի տօնենք կաղանդը պարզապէս դուրս գալու հին տարուան դժբախտութեան շղթայէն:
Անձնապէս  ամէն կաղանդի օր յոյսով կը սկսէի, յաջորդ տարին աւելի լաւ տեսնելու յոյսով, 2020-ի սեմին յոյսս շատ մեծ էր, կը կրկնէի յաճախ որ այս է իմ տարին, յաջողութիւններով եւ ուրախութեամբ լի տարի մը պիտի ըլլայ անկասկած, բայց եւ այնպէս օրերը փաստեցին, որ նախքան բան մը տեսնելդ լաւատես ըլլալու չես, մաղթելու ես պարզապէս որ բարեբեր ըլլայ տարին: 2020-ը, մանաւանդ անոր վերջին  քանի մը ամիսները մեզի շա՜տ բաներ սորվեցուցին: Այո՛, կ’ընդունիմ որ ամենադժուար շրջանն էր բոլորիս համար, բայց գոնէ ինծի համար՝ կրնամ ըսել կեանքի ամենակարեւոր դասերը սորվելու տարին էր: Այս տարին ինծի սորվեցուց ըլլալ աւելի զօրաւոր կեանքի դժուար պայմաններուն դէմ, մանաւանդ՝ մահուան, սորվեցայ որ միտքիդ  է կարեւորը եւ յաճախ պէտք է մտքիդ հետեւիս, ոչ թէ սրտիդ: Զգացական ըլլալը միշտ չէ որ ճիշդ ճամբայ կ’առաջնորդէ քեզ: Տակաւին սորվածներուս շարքը երկար է, հաւանաբար անաւարտ,  ամենակարեւորը սակայն վստահութեան արժէքն  է: Բոլորին չվստահիլ, պարզամտօրէն ամէն բան ամէնուն չպատմել, որովհետեւ ամէն «ընկերներդ» լաւութիւն կրնան չցանկալ քեզի, կարգ մը «ընկերներ» վատ տրամադրուած կ’ըլլան, ցաւօք բարդոյթներ կ’ունենան, ու որքան բարձրանաս այնքան կը փափաքին անկումդ տեսնել: Այսպիսի երեւոյթներու դէմ յանդիման չգտնուելու համար վստահելու ենք միայն վստահելիին՝ ըստ մեր յարաբերական փորձառութեան եւ ներքին ձայնին։
Սա անձնական առումով: Ուստի կը մաղթեմ որ ընկերային կեանքս  ըլլայ աւելի պարզ ու անկեղծ: Մարդիկ ըլլան լայնախոհ ու չարութիւններու մէջ չներքաշուին ի զուր:
Իսկ ընդհանուր մեր կեանքին մէջ նոր տարուան գլխաւոր մաղթանքս հայրենիքս խաղաղ տեսնելն է: Նախ պիտի խնդրեմ, որ մեր Արցախի գրաւուած հողերը վերադարձնելու հնարամտութիւն եւ դիւանագիտական մտածողութիւն պարգեւէ Աստուած ազգիս ղեկավարներուն, երկրորդ՝ բոլոր արցախցիներուն կը մաղթեմ ուժ, կորով, համբերանք եւ զօրաւոր կամք, որպէսզի  այս դժուար պայմանները յաղթահարեն եւ վերադառնան իրենց բնակարանները: Երրորդ՝ մեր անմահացած հերոսներուն հոգիները կը մաղթեմ որ հանգչին լոյսերու մէջ ու անոնց տենչերը մարմին զգենուն: Նահատակներուն ընտանիքներն ու հարազատները ուժ գտնեն իրենք իրենց մէջ՝ սփոփուելու, ամոքելու իրենց ու բոլորիս ցաւը: Եւ վերջապէս կը մաղթեմ, որ  նոր տարին վերջ տայ չարին՝ բամբասանքին, վիրաւորանքին, անիմաստ վէճերուն եւ հայհոյալից զրպարտանքներու նորելուկ մշակոյթին հասարակական ցանցերու վրայ: Արժանի ըլլանք մեր ազգային ժառանգութեան եւ իմաստութեամբ սէր ու խաղաղութիւն տարածենք մեր միջավայրին մէջ:
Թող լոյսի հայրենիքս դառնայ յոյսի հայրենիք, նոր հայրենիք, հզօր հայրենիք:
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Ս. Ծնունդ:
Անժելա Չաղլասեան