29 Դեկտեմբերին Երեւան քաղաքի ընդհանուր Իրաւասութեան Դատարանի Կեդրոն եւ Նորք Մարաշ նստավայրի մէջ աւարտին հասաւ դատական նիստը, որուն որոշումով ոչ իրաւաչափ ճանչցուեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամ Աշոտ Սիմոնեանի ձերբակալումը եւ ան ազատ արձակուեցաւ:
Նշենք, որ Աշոտ Սիմոնեանին բերման ենթարկած էին ՀՀ Ազգային ժողովի շէնքին մօտ 28 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած ցոյցի ընթացքին: