«Armdaily».–Լեռնային Ղարաբաղի ականազերծման մարդասիրական կեդրոնի տնօրէն Սամուէլ Մեսրոպեան «Ռիա Նովոստիի» հետ զրոյցին յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տարածքի ականապատման աստիճանը կը շարունակէ բարձր մնալ:
«Ականներու պատճառով տարածքի աղտոտումի աստիճանը շատ բարձր է: 27 Սեպտեմբերէն ի վեր` միայն մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ մենք յայտնաբերած եւ վնասազերծած ենք մօտ 30-40 հազար չպայթած զինամթերք», ռուսական լրատուամիջոցին ըսած է Սամուէլ Մեսրոպեան:
Ան շեշտած է, որ 27 Սեպտեմբերէն ի վեր ԼՂ տարածքին զինամթերքի որոնման աշխատանքներու ընթացքին ականազերծող խումբը նոյնիսկ բախում ունեցած է այնպիսի պայթուցիկ առարկաներու հետ, որոնք 1990-ականներուն սկիզբին տեղի ունեցած առաջին ղարաբաղեան պատերազմէն մնացած են:
«Որպէսզի ականազերծենք ողջ տարածքը, մեզմէ կը պահանջուի 15-20 տարի, եթէ ոչ աւելի», յայտնած է ան: