Կիրակի, 3 Յունուար 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ երեկոյեան ժամը 9:30-ին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ յարձակեցան Ասրիա-Սալամիէ ճամբան բռնած զբօսաշրջային փոխադրակառքերու եւ վառելանիւթերու փոխադրակառքի մը վրայ։ Յարձակումին հետեւանքով 9 զոհ եւ 4 վիրաւոր արձանագրուեցան, իսկ մնացածները սուրիական բանակին աջակցութեամբ ապահով շրջաններ փոխադրուեցան։ ՍԱՆԱ-ի թղթակիցը յայտնեց, որ սուրիական անապատային շրջանին մէջ կը գտնուին ՏԱՀԵՇ-ի զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ, որոնք աջակցութիւն կը ստանան Թանաֆ շրջանի մէջ գտնուող ԱՄՆ-ի ուժերէն եւ ոճիրներ կը գործեն սուրիական անապատային յարակից շրջաններուն մէջ։