Նոր տարուան սեմին, Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդով եւ Աստուածայայտնութեամբ հոգիներու փրկութեան լուսաւոր կեանքի հորիզոնը կը բացուի մեր առջեւ, վերաքննելու եւ վերակազմակերպելու մեր հաւաքական թէ անհատական կեանքը:
Ակնարկ մը նետելով յաջողութիւններով եւ դժուարութիւններով լեցուն մեր պատմութեան վրայ, պիտի տեսնենք, որ հայ ժողովուրդը առաջին ժողովուրդն էր, որ ընկալեց Աստուածորդոյն պատգամները, աւետաբեր Աւետիսը, որ դարձաւ մեր միասնականութեան եւ փրկութեան գրաւականը: Մեր պատմութեան հանգրուանները կը վկայեն հայ ժողովուրդին ունեցած հաւատարմութիւնը քրիստոնէական հաւատքին նկատմամբ, 301-ին Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը պետական կրօնք հռչակելով, 406-ին՝ հայ գիրերու գիւտով եւ Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեամբ, 451-ին՝ «վասն հաւատքի եւ հայրենեաց» մղուած պատերազմով, ապա հայրենքի ազատութեան եւ մեր ինքնութեան պահպանման համար մղուած հերոսական մարտերով, որոնց ընթացքին հայ ժողովուրդի զաւակները իրենց կեանքը նուիրաբերեցին եւ որպէս լոյսի որդիներ հաւատարիմ մնացին քրիստոնէական հաւատքին եւ Քրիստոսի ուսուցումներուն:
2020 թուականը մարդկութեան համար մարտահրաւէրներով եւ դժուարութիւններով լեցուն տարեշրջան մը հանդիսացաւ: Նոր պայմաններու լոյսին տակ, պսակաձեւ ժահրի համավարակին տարածումը մարդկութեան ընկերային կեանքը սահմանափակեց եւ հազարաւոր կեանքեր խլեց: Հայ համայնքը եւս համաճարակին պատճառով ունեցաւ կորուստներ, հիմնականօրէն ազգային կեանքէն ներս ծառայողներ: Աւելին, տնտեսական ծանր իրավիճակը եկաւ դժուարացնելու մեր ընտանիքներուն կեանքը եւ ազգային թէ եկեղեցական կառոյցներուն գործունէութիւնը: Հոս հարց կու տանք, թէ արդեօ՞ք մարդկութիւնը դերակատարութիւն ունի այս պատահածներուն մէջ եւ իր ապրելաոճով չի՞ կրնար փոխել իրավիճակը: Վստահաբար կրնայ, երբ իր ուշադրութեան կիզակէտը դարձնէ մեր Փրկիչը՝ Յիսուս Քրիստոսը եւ քրիստոնէական հաւատքի առաքինութիւններով բարեզարդարէ իր կեանքը՝ բարիք ցանկալով իր նմանին:
Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր շրջանները՝ Հալէպ, Գամիշլի, Լաթաքիա, Թարթուս եւ Քեսապ եկեղեցական թէ ազգային ծաղկուն գործունէութիւն ունեցան, սակայն նոյնպէս ենթարկուեցան համաճարակին պարտադրած նոր գործելաոճին: ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ցուցմունքներով եկեղեցական արարողութիւնները որոշ ժամանակ մը դռնփակ եւ առցանց սփռումով կատարուեցան, ապահովելու համար մեր ժողովուրդի զաւակներուն առողջութիւնը: Հովուական այցելութիւններով յաճախ գտնուեցանք Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր շրջաններու մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ, գօտեպնդեցինք եւ մեր հայրական քաջալերանքը ցուցաբերեցինք անոնց: Մեզի համար ուրախութիւն էր Դամասկոսի եւ Գամիշլիի մեր ազգային վարժարանները երկրորդական բաժինով օժտելու նախաձեռնութիւնը, յօգուտ մեր ժողովուրդի զաւակներուն:
Անցնող ամիսները ցաւով լեցուն ամիսներ եղան հայ ժողովուրդին համար, որովհետեւ Արցախի գոյապայքարը վերջ գտաւ պարտուողական համաձայնագիրի ստորագրութեամբ եւ պատճառ դարձաւ, որ մենք կորսնցնենք Արցախի մեր պապենական մեծաթիւ հողատարածքները: Փառք ու պատիւ մեր զինուորներուն եւ նահատակներուն, որոնք ահազանգը լսելով Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն փութացին Արցախ եւ առաջնագիծի վրայ իրենց ամենաթանկագինը՝ կեանքը ընծայաբերելով մինչեւ վերջին վայրկեան հաստատուն մնացին իրենց վստահուած առաքելութեան վրայ: Սուրիահայ երիտասարդները անմասն չմնացին Արցախի հերոսական մարտերուն իրենց մասնակցութիւնը բերելէ: Սուրիոյ պատերազմին հայկական թաղամասերը պաշտպանող մեր խիզախ երիտասարդները այս անգամ հասան Արցախի օգնութեան եւ իրենց ընտանիքները ձգելով հայրենիքի պաշտպանութիւնը առաջնահերթ նկատեցին:
«Մեծագոյն սէրը այն սէրն է, որով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր բարեկամներուն համար» (Յհ 15.13):
Սիրելի՛ հարազատներ,
Աստուածաշնչական այս համարը մեծ խորհուրդ ունի ինքն իր մէջ: Քրիստոնէական բառապաշարին եւ ուսուցումներուն մէջ զոհողութիւնը, համբերութիւնը եւ սէրը ամենաշատ կրկնուած եւ ուսուցանուած բառերն են: Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուց, որ կեանքի սէրերուն մէջ կայ մեծագոյն սէր մը, որ կը թարգմանուի զոհողութեամբ, նահատակութեամբ, նուիրումով եւ ծառայութեամբ՝ մեր բարեկամներուն եւ ընկերներուն նկատմամբ: Հայկական առումով մեր այբուբենի բառապաշարին մէջ «հայրենիք», «ազատութիւն», «Հայաստան», «Արցախ», «պահանջատիրութիւն», «հայկական հարց», «հայ դատ» բառերը մեր էութեան մաս կազմող եւ առօրեայ կեանքին մէջ ամենաշատ գործածուող բառերն են:
Անցնող օրերուն, Արցախի գոյապայքարին նահատակուած շուրջ 5000 նահատակները եւ հազարաւոր վիրաւորները ընտրեցին սիրոյ տարբեր ճանապարհ մը, արտայայտելով իրենց գերագոյն սէրն ու նուիրումը քրիստոնէական հաւատքին եւ մեր հայրենիքին՝ Հայաստանին եւ Արցախին նկատմամբ:
21-րդ դարու հայ պատմիչը, երբ լսէ վերապրող մեր հերոսներուն պատումները եւ անոնց կատարած հերոսական գործողութիւնները, հակառակ ռազմական պարտութեան վստահօրէն պիտի սքանչանայ եւ պիտի խոնարհի մեր երիտասարդութեան երկաթեայ կամքին եւ ծով զոհողութեան առջեւ: 21-րդ դարուն բոլորս ենթակայ ենք անտարբերութեան, թուլամորթութեան, յանձնուելու հոգեբանութեան, սակայն հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն եւ հաճոյքներուն, ահաւասիկ կը տեսնենք մեր ազգի հերոս երիտասարդները, գիտակից հայորդիները, որոնք ընտրեցին կեանքի դժուարին, բայց պատուաբեր ճանապարհ մը, որ զոհողութեան եւ գիտակից մահուան ճանապարհն է եւ դէմ յանդիման եկան մահուան հետ: Ո՞ւր կը գտնենք այսօր նման երիտասարդներ, որոնք երբեմն զէնքով, երբեմն առանց զէնքի, այլ խաչի զօրութեամբ ընտրեցին պատերազմի դաշտը: Անոնք նահատակուեցան այն հողին վրայ, ուր իրենց եղբայրները 30 տարիներ առաջ պայքարելով եւ իրենց արիւնը թափելով ապահովեցին Արցախի ազատութիւնը: Անցնող շաբաթներուն, մեր նախնիներու նոյն հաւատքով եւ կամքով տոգորուած, նոյն կրթութեամբ եւ դաստիարակութեամբ կերտուած մեր նոր սերունդի քաջարի երիտասարդներէն հազարաւոր նուիրեալներ, բանակին մէջ ծառայողներ թէ աշխարհականներ, երբեմն պարզ քաղաքացիներ, Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն փութացին Արցախ՝ շարունակելու հայրենիքի ազատագրութեան անվերջ պայքարը եւ պաշտպանելու հայրենի հողին վրայ կառուցուած մեր նուիրական կառոյցները, վանքերն ու եկեղեցիները՝ ցեղասպան թշնամիին հարուածներէն:
Եթէ հարց տանք վիրաւոր երիտասարդին, որ այսօր կը գտնուի Հայաստանի հիւանդանոցներուն մէջ, թէ կ’արժէ՞ր արդեօք այս պատերազմը մղել եւ հազարաւոր զոհեր, մարտիրոսներ եւ վիրաւորներ ունենալ, վստահ ենք, որ մեր բոլոր երիտասարդները պիտի պատասխանեն ըսելով՝ այո՛, կ’արժէր: Հայրենիքին եւ քրիստոնէական հաւատքին համար նահատակութիւնը կ’արժէ, որովհետեւ անոնք հերոսական պայքարով եւ զոհողութեամբ արժեւորեցին մեր ազգի նուիրական արժէքները, որոնցմէ մեծագոյնը հայրենիքն է եւ հայրենի հողին ժառանգուած քրիստոնէական մեր հաւատքը:
Սիրելի՛ հարազատներ,
Հայրենիքը ոսկիով չի գնուիր: Մեր նախահայրերը ոսկիով չգնեցին զայն: Հայրենիքը գնուեցաւ ո՛չ գիտնականներուն հանճարով, եւ ո՛չ ալ փոքր զոհողութիւններով, որոնցմով երբեմն կը հպարտանանք, այլ արեամբ եւ կենդանի գիտակից նահատակութեամբ՝ ազգի ազատութեան նուիրական սեղանին վրայ:
Ոմանք նահատակուեցան հայրենիքին համար, սակայն շատեր պէտք է ապրին հայրենիքին համար: Անոնք մեռան, որպէսզի մենք ապրինք: Մեր ապրած կեանքը որքանո՞վ կ’արժեւորենք եւ արդեօք անոնց կնքած մահը աւելի քաղցր չէ՞ քան մեր ապրած կեանքը: Որքանո՞վ ուրախ է այսօր հայուն սիրտը: Ո՞ւր են մեր նախկին հպարտութիւնն ու անցեալի փառքերը, որոնց մասին հպարտութեամբ կը խօսէինք օտար ազգերուն եւ ժողովուրդներուն:
Այսօր խոստովանինք, որ հայը ընկճուած է, հայը ռազմականօրէն պարտութիւն կրած է: Հազարաւոր զոհեր, երիտասարդներ իրենց մատղաշ տարիքը ընծայաբերեցին ազգի նուիրական սեղանին վրայ: Անոնք Քրիստոսի մասին չքարոզեցին, այլ Քրիստոսի համար իրենց արիւնը զոհաբերեցին, ո՛չ խօսքով, այլ գործով: Անոնք Աւետարանը չբռնեցին, սակայն Աւետարանին համար իրենց կենդանի աչքերով մահը տեսան եւ հողին յանձնուեցան: Այս է վաւերական քրիստոնեան, որ ո՛չ խօսքով, ո՛չ լաւ պատգամելով եւ ո՛չ ալ լաւ քարոզելով, այլ իր ամենասուղը՝ կեանքը ընծայաբերելով իր ամէն ինչը կու տայ ազգին համար: Ազգին համար կու տանք մեր քսակէն, մեր ժամանակէն, կը զոհենք շատ բաներ, սակայն քիչեր են անոնք, որոնք իրենց ամէն ինչը կու տան՝ իրենց անձերը կը նուիրաբերեն վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց:
2000 տարի առաջ այլ ճակատամարտ մը մղուեցաւ: Երիտասարդ մը՝ Յիսուսը, քաջութիւնը ունեցաւ առանձնաբար պայքարելու չարին բոլոր ուժերուն դէմ: Շատեր կարծեցին, թէ Յիսուսի մղած պայքարը անյոյս եւ անօգուտ պայքար մըն է: Շատեր հեռացան եւ Քրիստոսը խաչին վրայ առանձին ձգեցին:
Քրիստոսի պայքարը ներքին պայքար մըն էր: Սուգը պատած էր ամէնուրեք, այնպէս ինչպէս Աւագ Հինգշաբթի երեկոյեան եւ Աւագ Ուրբաթ կը յիշենք Քրիստոսի խաչելութիւնն ու թաղումը եւ կը սգանք, սակայն տարբեր էր երրորդ օրուան պատկերը՝ յարութեան առաւօտը: Այսօր մենք եւս պէտք է խտացնենք մեր ներքին մղումը: Ներքին պայքար մըն է որ կը մղուի այսօր հայուն մէջ, երբեմն հայը հայուն դէմ դժբախտաբար: Այսօր հայը պէտք է վերանորոգէ իր յանձնառութիւնը, յոյսը եւ հաւատքը՝ իր հայրենիքին նկատմամբ, այն խոր համոզումով, որ յարութեան երրորդ օրը անպակաս պիտի ըլլայ մեր կեանքէն եւ մեր նահատակներուն յարութեան եւ յաղթանակի ղօղանջները դարձեալ պիտի հնչեն մեր եկեղեցիներէն ներս եւ սուգն ու պարտութիւնը պիտի փոխակերպուին յաղթանակի ու հպարտութեան:
Ի զուր տեղ չէր անոնց նահատակութիւնը: Այո՛, այսօր սուգի մէջ ենք, սակայն իւրաքանչիւր հայ պէտք է աշխատանք տանի այդ սուգն ու տկարութիւնը փոխակերպելու զօրութեամբ, յոյսով, հաւատքով եւ լաւատեսութեամբ: Եթէ այդպէս չընենք՝ վաւերական պարտութիւն մը կրած կ’ըլլանք:
Այսօր հայ ժողովուրդը պարտուած չէ, այլ պէտք է անգամ մը եւս ոտքի կանգնի: Հայաստանի մէջ մասնաւորաբար մեր հայրենիքին շուրջ պէտք է միանան մեր կուսակցութիւններն ու կազմակերպութիւնները, պաշտպանեն մեր հայրենիքը, այնպէս ինչպէս դարեր շարունակ մեր ժողովուրդի զաւակները պաշտպանեցին, պայքարեցան եւ 28 Մայիս 1918-ին ազատ եւ անկախ Հայաստանը շնորհեցին մեզ: Պէտք է վերանորոգենք մեր ուխտը, գիտակցութիւնը, յանձնառութիւնը, հաւատքը եւ յոյսը, որպէսզի օր մը Տիրոջ կամքով վերատիրանանք մեր կորսնցուցած հայրենիքին:
22 Նոյեմբերը Արցախի նահատակ հերոսներու յիշատակի օր հռչակուեցաւ եւ համայն հայութիւնը հոգեհանգստեան արարողութեամբ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, մեր նահատակներու հոգիներուն խաղաղութեան համար: Հիմնուելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի կոչին վրայ, Բերիոյ Հայոց Թեմը նոյնպէս յարգեց իր նահատակները: Մեր հայրական կոչը պիտի ըլլայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ պահել հաւատքը Պօղոս առաքեալի բառերով. «Հաւատքը պահեցի եւ պայքարը մղեցի»: Հաւատքը պէտք է պահենք առաջին հերթին մեր անձերուն նկատմամբ: Հայը պէտք է հպարտ մնայ իր անցեալով, մերժելով տկարութիւնն ու պարտութիւնը, ինքնավստահ կերպով կազմակերպէ հայրենի մեր կեանքը, ինչու չէ նաեւ ազգային-թեմական կեանքը: Հայ ժողովուրդը տկարութիւն չի ճանչնար: Հետեւաբար, պէտք չէ յանձնուինք ներկայ պարտութեան եւ տկարութեան: Երկրորդ՝ Հաւատքը պէտք է պահենք մեր իտէալներուն եւ ձգտումներուն նկատմամբ: Մեր իտէալները, երազներն ու ձգտումները պէտք է կենդանի մնան մանաւա՛նդ մեր նոր սերունդի երիտասարդներուն մէջ, որովհետեւ անոնք են ապագայ մեր պայքարող երիտասարդները, բանիւ եւ գործով: Եւ վերջապէս ամենակարեւորը հաւատքը պէտք է պահենք Աստուծոյ նկատմամբ, այն Աստծոյն, որ մեր ցաւերուն ընկերակից եղաւ մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին:
Յիշելով Հալէպահայ երեք խիզախ նահատակները՝ Յարութը, Մոսիկը եւ Յակոբը, որոնք անցնող օրերուն հայրենի հողին հերոսաբար յանձնուեցան, եկէ՛ք սիրելի հարազատներ անոնց հետ միասին որպէս սուրիահայեր վերանորոգենք մեր ուխտը եւ լաւատեսութեամբ ու հաւատքով շարունակենք պայքարի մեր գոյերթը: Քրիստոնէական եկեղեցւոյ պայքարը խաչով սկսաւ, սակայն իր աւարտին չհասաւ: Նոյնն է պարագան մեր ազգին, որպէս եկեղեցի մեր պայքարը վերջ չունի: Հայուն համար յանձնուիլ գոյութիւն չունի: Պիտի շարունակենք մեր պայքարը նոյն յանձնառութեամբ եւ գիտակցութեամբ, եւ նոր յաղթանակներ ձեռք պիտի ձգենք ի փառք ու պատիւ մեր նահատակներուն, Հայաստանին եւ Արցախին:
Նոր տարուան առիթով մեր բարեմաղթութիւնները կը փոխանցենք սուրիահայութեան կեանքը արտացոլացնող «Գանձասար» շաբաթաթերթի վարչութեան եւ խմբագրակազմին, որոնց հարթակէն աստուածային ներգործութեամբ արեւշատ, առողջ եւ նոր ձեռքբերումներու տարի կը մաղթենք համայն հայութեան, սուրիահայ համայնքին, Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր շրջաններուն, ժողովականութեան եւ ժողովուրդին:
Մասիս Եպս. Զօպուեան
Առաջնորդ Հայոց Բերիոյ Թեմին
Աղբիւր- «Գանձասար-Բացառիկ 2021»