2020-ին, սուրիական պատերազմի բախումնային փուլերու աւարտին, տագնապին վրայ ազդեցութիւն բանեցնող ուժերու վերադասաւորման շարժումներ նկատուեցան։ Յատկապէս այն ուժերուն, որոնք առանց Սուրիոյ կառավարութեան համամտութեան ներխուժեցին Սուրիա եւ հրահրեցին տագնապը։
Յատկապէս Սուրիոյ Հիւսիսային շրջանին հետ կապուած ճամբաներու վերաբացումով, թրքական ուժերուն շարք մը ապահովական գօտիներէն դուրս գալով նկատելի էր, որ ռուս-թրքական համաձայնութիւնը որոշակի արդիւնքի հասած էր սուրիական կարգ մը տարածքները թրքական ուժերու վերահսկողութենէն մասամբ դուրս բերելու առումով։ Այնուամենայնիւ այդ ուժերը տակաւին կը գրաւեն Սուրիոյ հիւսիսային շրջանի նկատառելի տարածքներ եւ կը շահագործեն սուրիական հողը, անոր բերքն ու ջուրը, նոյնիսկ ժողովուրդէն մաս մը՝ իրենց այլազան ծրագիրներուն ծառայեցնելու համար։
Ամերիկեան միջամտութեան ազդեցութիւնը եւս, զինուորական առումով մեղմանալով մէկտեղ, առկայ կը մնայ հիւսիսային շրջանին մէջ, յատկապէս այդ ուժերուն ենթակայ խմբաւորումներու կողմէ Սուրիոյ քարիւղային հանքերու գրաւումով, զանոնք պետական վերահսկողութենէն դուրս պահելով եւ ԱՄՆ-ի պարտադրած տնտեսական պատժամիջոցներով։
Սուրիոյ պետութիւնը դիւանագիտական, զինուորական, արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան իր բոլոր միջոցները լարած աստիճանաբար կը ջանայ դուրս մղել օտար ուժերն ու վերատիրանալ յատկապէս հիւսիսային շրջաններու իր բռնագրաւուած տարածքներուն, հանքերուն, գիւղատնտեսական արտերուն եւ վերաբանեցնել նահանգներու միջեւ բնականոն երթեւեկութիւնը, երկաթուղագիծերն ու վերականգնել արտաքին աշխարհի հետ օդային կապը։ Այս գործընթացը, սակայն, տակաւին ժամանակի կը կարօտի, նկատի ունենալով տարածաշրջանային հարցերն ու տարբեր ուժերու ազդեցութեանց փոփոխութիւնները զինուորական եւ քաղաքական նոր կացութիւններու լոյսին տակ։
Հայկական առումով տարին յատկանշուեցաւ Սուրիական խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումով եւ դատապարտումով։ Այս ճանաչումը կարեւոր էր յատկապէս այն առումով, որ 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան ծրագրաւորումով եւ գործադրումով սուրիական հողերուն վրայ շարունակուող Հայոց Ցեղասպանութեան վկայութիւնը կ’ամրագրուէր ականատես ժողովուրդը՝ սուրիացիները ներկայացնող խորհրդարանին որոշումով։ Սուրիան եղաւ արաբական երկրորդ հանրապետութիւնը, որ ճանչցաւ եւ դատապարտեց զայն, հաստատելով որ ցեղասպանութիւնը ոչ թէ կրօնական, այլ ցեղային բնաջնջման եւ ժողովուրդ մը հայրենազուրկ դարձնելու, անոր հայրենիքին տիրանալու նպատակով իրականացած մարդկային սպանդ էր, որ պէտք է դատապարտուի քաղաքակիրթ աշխարհին կողմէ՝ խուսափելու համար անոր կրկնութենէն։
Այս խօսքերը լոկ դատապարտումի արտայայտութիւններ չէին, այլ թրքական բարբարոսութիւններու շարունակուող ալիքը վերջնականապէս կասեցնելու կոչ քաղաքակիրթ աշխարհին։ Այն ալիքը, որ իր կործանարար դերակատարութիւնը ունեցած էր նաեւ Սուրիոյ տարածքին ու բոլոր քաղաքական դիտարկումները կը հաստատէին, որ մօտիկ ապագային պիտի ուղղուի նաեւ Հարաւային Կովկաս, այնտեղ եւս տարածաշրջանային ուժերու վերադասաւորման նպաստելու։
Այս ալիքը կանգ չէր առած ու չէր կրնար առնել, այնքան ատեն որ չէր դատապարտուած Թուրքիան. եւ ահա ան՝ անցնելով Միջին Արեւելքէն, իրապէս ալ եկաւ, հասաւ Հարաւային Կովկաս, փանթուրանական իր ծրագիրներուն յագուրդ տալու՝ սկսելով տարածաշրջանի ամէնէն տագնապալի վայրէն՝ Արցախէն։
Հաւանաբար ոմանց համար անիրատեսական կը թուէր սուրիական տագնապի օրերուն հնչած այն ահազանգը, որ Հալէպի սահմանները պաշտպանողը կը պաշտպանէ նաեւ Արցախի սահմանը։ Օրերը սակայն փաստեցին անոր իրաւացիութիւնը։
Թրքական բարբարոսութիւնները, անոր հովանիին տակ գործող ահաբեկիչները հասան Արցախ ու բռնկեցաւ Արցախի դէմ պատերազմը, որ յանգեցաւ հայկական տարածքներու կորուստին եւ Հայաստանի սահմաններուն թշնամիին անմիջական ազդեցութեան գօտիին մէջ յայտնուելուն։
Ատրպէյճանաթրքական յարձակումները ուղղուած էին ոչ միայն հայկական Արցախին, այլեւ տարածաշրջանին մէջ հայկական պետականութեան գոյութեան դէմ եւ տրամաբանական շարունակութիւնն էին 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան։ Պատերազմի բոլոր տուեալները, ներառեալ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն շռնթալից յայտարարութիւնները Երեւան հասնելու նկրտումներուն շուրջ, կը հաստատէին այս իրողութիւնը։
Խօսքը տարածքներ գրաւելով միայն Արցախի հարցը զինուորական միջոցներով լուծելու մասին չէր, այլ փանթուրքիզմի ծրագիրի իրագործումին եւ շրջանին մէջ ահաբեկչութեան արմատական ներկայութիւն հաստատելու թուրքատրպէյճանական հեռակայ նպատակին, որպէս սպառնալիք ոչ միայն հայկական պետութեան գոյութեան, այլեւ Հիւսիսային Կովկասին եւ Իրանին։ Վերջին զարգացումները ցոյց տուին, որ Թուրքիան, Ատրպէյճանը օգտագործելով որպէս յարձակող կողմ, պիտի չգոհանայ հայկական կողմին 9 Նոյեմբերի տխրահռչակ համաձայնագիրով որոշուած տարածքներու յանձնումով, այլեւ նկրտումներ ունի հասնելու մինչեւ Սիւնիք, աստիճանաբար հայկական պետութեան գոյութեան սպառնալու եւ ողջ տարածաշրջանը գլխաւորաբար իր ազդեցութեան գօտին դարձնելու, բնականաբար ծառայելով նաեւ իսրայէլեան եւ ամերիկեան ծրագիրներու, ներկայութիւն դառնալով Իրանի անմիջական սահմաններուն վրայ։
Այս հեռակայ ծրագիրները գուշակելով, Ռուսիա, որ սկիզբը տարտամ քայլերով մօտեցաւ արցախեան պատերազմի հրահրումին՝ թոյլ տալով ատրպէյճանաթրքական ուժերուն յառաջընթացին, զինադադարի յաջորդ օրն իսկ, առանց ժամանակ վատնելու իր զինուորական խաղաղապահ ուժերը տեղադրէ Արցախ։ Այնպիսի զինուորական հեռահաս ուժեր, որոնք յստակօրէն կը բացայայտեն, որ տեղադրուած են դիմադրելու ոչ միայն Ատրպէյճանի սահմանափակ եւ յայտնի ուժերը, այլեւ մօտիկ ապագային, տարածաշրջանին մէջ գերպետութիւններու ուժերու վերադասաւորման համար նախատեսուող պատերազմը։
Արցախեան հարցը այս ժամանակահատուածին շահագործուեցաւ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ՝ ի նպաստ Ատրպէյճանին, որովհետեւ թրքական կողմը քաջ գիտեր, որ արեւմտեան աշխարհը իր շահերու ապահովումով պիտի զբաղէր դարադարձի այս ժամանակահատուածին մէջ ուժերու վերադասաւորման քաղաքական մեծ խաղին մէջ։
ԵԱՀԿ Մինսքի դերակատարութիւնն իսկ շրջանցուեցաւ, փոխարէնը Թուրքիան դարձաւ Արցախի հարցին լուծման միջամտող կողմ եւ արեւմտեան աշխարհէն գործնական արձագանգի ոչ մէկ քայլ նշմարուեցաւ։
Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները այս բոլորը կանխատեսելու եւ համահայկական ներուժն ու դիւանագիտական, յարաբերական աշխատանքները լաւապէս յառաջ տանելու պարտադրանքին տակ էին, սակայն փոխարէնը ներքին հարցերու լայնամաշտապ ալիք մը բարձրացուցին, արդարացնելու պարտուողական իրենց արտաքին քաղաքականութիւնը։
Հայ զինուորներն ու կամաւորները արիաբար կռուեցան յանուն հայրենիքի, սակայն անոնք իրենց ետին չգտան կազմակերպ ու վճռական յենարան մը, որ իր դաշնակիցներուն հետ այնքան սերտ եւ փոխադարձ շահաւէտ յարաբերութիւններ մշակելու էր մինչ պատերազմը, որ նուազագոյն վնասներով դուրս գար ու հողերու եւ մարդկային կորուստի այս ծաւալին չհասցնէր մեր հայրենիքն ու ժողովուրդը։
Արցախի ու Հայաստանի դէմ պատերազմը չէ աւարտած։ Գերարդիական նման պատերազմի դէմ դնելու եւ մեր հայրենիքին անվտանգութիւնը ապահովելու համար պատրաստ պէտք է ըլլալ նոր, ճարտարագիտական եւ ոչ թէ դէմ առ դէմ բախումներով ընթացող պատերազմի «արուեստը» իւրացնելու եւ հայոց բանակի արհեստագիտական մակարդակն ու զինուորական կարելիութիւնները արագ կշռոյթներով զարգացնելու համար։
Այս բոլորը կը պահանջեն տնտեսական, զինուորական ու գիտական կարելիութիւններ, բայց մանաւանդ հայկական աշխարհի համերաշխ գործակցութիւնն ու Հայաստանի եւ Սփիւռքի ոչ միայն տնտեսական, այլեւ՝ մարդկային, գիտական, զինուորական, դիւանագիտական ուժերու, կարելիութիւններու եւ յարաբերութիւններու համադրուած գերլարումը։ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը արթուն պահակը դառնալու է դաշնակիցներու հետ սերտ գործակցութեան, նոր դաշնակիցներու որոնման եւ հակաթրքական առանցքի տարբեր ուժերու հետ գործակցութեան ծաւալման։
Նոր տարուան սեմին, Հայաստան աշխարհը հարկ է որ ունենայ նոր, ազգային, պետական եւ համահայկական մեր շահերուն հսկող, համահայկական ներուժը առողջ ծրագրաւորումով օգտագործող ղեկավարութիւն, որ կորուստէ փրկէ մեր հայրենիքն ու ժողովուրդը եւ վերջ տայ պարտուողական քաղաքականութեան։
Զարմիկ Պօղիկեան
Աղբիւր- «Գանձասար-Բացառիկ 2021»