Չեմ կրնար դիտել ազերիական ու թրքական «յաղթանակի» խենէշ ցուցադրութիւնները, որոնք աւելի կը նմանին գիշատիչներու խնճոյքին:
Պարտութիւնը ահաւոր բան է, նոյնիսկ նարտի, կամ թղթախաղի պարագային, ալ ուր մնաց, երբ «պարտուողը» երկիրդ է: Բառը կը չակերտեմ, որովհետեւ դեռ չեմ կրնար մարսել զայն: Չեմ կրնար մարսել, որովհետեւ տարուած «յաղթանակը» թշնամիին զինուժէն աւելի, մեր ինքնախաբէութեան, պոռոտախօսութեան, անկազմակերպուածութեան ու անտեղի ինքնավստահութեան արդիւնքն էր: Եւ ինչո՞ւ պահել՝ նաեւ արդիւնքն էր որոմներու, որոնք մեր արդար ցորեանին մէջ վարակներ տարածեցին ու բերքը փճացուցին:
Երկու կարճ ընդհարումներուն, երբ մեր կեցուածքը գերակշիռ էր, պէտք չէ հաւատայինք եւ պէտք չէ թոյլ տայինք, որ ժողովուրդն ալ հաւատայ թէ մենք անպարտելի ենք, քանի աննման հոգեկանով զինուած զինուորներ ունինք: Սակայն, մեր երկրին նման գիտութեան եւ ճարտարագիտութեան նուաճումներ արձանագրող երկիր մը, աւելի զուսպ ու խելացի ըլլալու էր, փոքր յաղթանակներէն չգինովնալու համար եւ հետեւելու էր թշնամիին, որ անընդմէջ իր սպառնալիքներով, ամենաարդիական զէնքերով, զինամթերքներով ու ռազմափորձերով կը պատրաստուէր մեծ հարուած մը տալու Արցախին:
Մեր ունեցած դասական զէնքերով, առանց օդուժի, առանց անօդաչու թռչող սարքերու, մէկ ու կէս ամիս դիմադրեցինք, բան մը, որուն համար կարելի է միայն հպարտանալ, այդ յաղթանակը վերագրելով մեր զինուորներուն: Սակայն, որքան ալ ոգին իշխէ, Իսրայէլի կողմէ մատակարարուած արդիական զէնքերն ու յատկապէս ԱԹՍ-ները, առաւել թրքական սատարը ազերիական բանակին ու վարձկաններու մասնակցութիւնը պատճառ դարձան, որ օրէ-օր մաշումի գացող մեր բանակը ակամայ հասնի անդունդի եզրին:
Պատերազմի ամբողջ ընթացքին, պաշտօնական տեղեկատուութիւնները անընդհատ յաջողութիւններու եւ յաղթանակներու մասին կը խօսէին, անընդհատ յարձակողները «ետ շպռտելու» մասին կը խօսէին, իբր ժողովուրդին հոգեկանը բարձր պահելու համար, սակայն, կը խաբէին ժողովուրդը, թաքցնելով իրականութիւնը, եւ երբ պատահեցաւ բնաւ չնախատեսուած անձնատուական, ամօթալի համաձայնութիւնը, անակնկալէն շշմած, արիւնը սառեցաւ մեր երակներուն մէջ: Եւ ինչ համաձայնութիւն… այսքան ամօթալի անձնատուութիւն չէինք պատկերացներ: Կանխորոշուա՞ծ էր, նախօրօք գաղտնի համաձայնութիւն գոյացա՞ծ էր, հաւատացողներ կան, չհաւատացողներ ալ կան:
Հիմա յանցաւոր կը փնտռուի ու կողմեր մէջտեղ եկած, զիրար կÿամբաստանեն: Այսպիսի պարագաներու առաջին առթիւ երկրի ղեկավարը ազնուօրէն հրաժարելու է, իր վրայ վերցնելով պարտութեան բոլոր պատասխանատուութիւնը, որովհետեւ իրեն կապուած են եւ իր հրահանգով կը շարժին երկրի բոլոր լծակները:
1967-ի արաբ-իսրայէլեան վեցօրեայ պատերազմէն ետք, երբ Եգիպտոսի բանակը ահաւոր կերպով խորտակուած էր ու երկիրն ալ տարածքներ կորսնցուցած, նախագահ Ճամալ Ապտըլ Նասէր իր վրայ վերցուց պարտութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը եւ հրաժարեցաւ, սակայն եգիպտացի ժողովուրդը միլիոններով փողոցները իջաւ նախագահէն պահանջելով, որ ետ քաշէ իր հրաժարականը, սիրուած ու պաշտուած ղեկավար էր, տեղի տուաւ եւ մնաց իր պաշտօնին վրայ, սակայն մեր մօտ, չհրաժարեցաւ վարչապետը եւ ականջ չկախեց իր հրաժարականը պահանջող ցուցարարներուն, հայկական աւանդական կուսակցութիւններուն, մեր երկու կաթողիկոսներուն ու շարունակեց մնալ իր աթոռին վրայ ու բաւականացաւ պաշտօնէ ազատելու շարք մը նախարարներ:
Այսօր երկիրը անփառունակ վիճակի մէջ է, պարտութեան լեղի բաժակը դեռ չէ քամուած, հազարաւոր նահատակներ, հարիւրաւոր գերիներ, անհետ կորածներ, անտուն արցախցիներ, քանդուած քաղաքներ եւ գիւղեր, տնտեսական ոչ բաղձալի վիճակ, սղաճ, Դրամի արժեզրկում ու այս բոլորին վրայ Ալիեւ կոչուած անասունին բարբաջանքները, թէ Զանգեզուրը, Սեւանն ու Երեւանն ալ իրն են…
Ու աղէտին մշուշը փարատելէ ետք, յայտնի կÿըլլայ, որ այս պատերազմը նախաբանն էր մեծ ծրագրի մը գործադրութեան, որուն զոհ գացին Արցախն ու Հայաստանը: Ծրագրին ետեւ կանգնած են Իսրայէլը, ԱՄՆ, Ռուսիան եւ Թուրքիան: Նպատակը՝ Իրանին սահմանակից ուժեր կուտակել է, զայն հարուածելու համար, առաւել՝ Սուրիացի վարձկաններն ու անոնց ընտանիքները Արցախի գրաւուած շրջաններուն մէջ բնակեցնելով Թուրքիոյ վրայէն բեռ մը պակսեցնելը, զանոնք հոս ու հոն ուղարկելով: Իսկ Ռուսիան ալ իր շահերը ունի, շատ պարզ է, դէպքերուն հետեւողը տեսաւ թէ ինչ հսկայ բանակով ու զինատեսակներով որպէս խաղաղապահ ուժ, եկաւ ան: Փութինը պատժեց Նիկոլին, որ իր մարզանքները շրջապատի երամէն դուրս կը կատարէր: Ռուսիան շատոնց կը փափաքէր զգալի ներկայութիւն մը ունենալ Հարաւային Կովկասի մէջ եւ ահա՛ առիթը:
Ե՞րբ ինքնաճանաչումի պիտի դիմենք, ե՞րբ պիտի գիտնանք ինչն ու ինչոցը: Ե՞րբ քաղաքագիտութիւն պիտի սորվինք, դիւանագէտ ըլլանք, ճանչնանք բարեկամն ու թշնամին, հայրենիքի շահերը ամէն ինչէ վեր դասենք ու գործենք խելացիօրէն: Քաղաքականութիւնը նաեւ առեւտուր է, ի՞նչ ունինք տալիք օտարին, որ շահինք անոր նեցուկը, քրիստոնէութի՞ւն, հանքային ջուր եւ քոնեա՞ք…
Ատրպէյճանը նաֆթ ունի, ծով ունի, հարուստ երկիր է, ամէն մարդ շահ ունի այդ երկրէն, անո՞ր կողքին կը կանգնին, թէ՞ մեր: Քաղաքականութիւնը բարոյականութեան հետ կապ չունի, ոչ ալ արդարութեան: Շա՛հ, միայն շա՛հ: Առեւտուր. բան մը պիտի տաս, որ փոխարէնը բան մը առնես: Տեսէ՛ք, Մարոքը ճանչցաւ Իսրայէլը, Թրամփն ալ ճանչցաւ հարաւային անապատի Մարոքի մաս կազմելը, բան մը, որ տասնամեակներու անլուծելի թնճուկ դարձած էր:
Փոքր երկիր ենք, փոքր կարողութիւններով, սակայն մեծ-մեծ խօսելու վարպետ: Ատրպէյճանի բանակին յատկացուած տարեկան պիւտճէն 26 միլիառ տոլար է, իսկ Հայաստանինը՝ միայն 4 միլիառ: Վերջապէս թիւերը կը խօսին չէ՞: Ճիշդ ասոր համար ալ խելացի գտնուելու էր մեր պետութիւնն ու նախապատրաստուէր:
Հայերուս համար կÿըսեն տաղանդաւոր, բայց ոչ խելացի. Կը կարծեմ բաւական ճիշդ բնորոշում է. տաղանդը ուրիշ բան է, խելացութիւնը՝ ուրիշ: Արդ, ներքին երկպառակութենէ հեռու, խելք գործածելու է այս վիճակէն դուրս գալու ելք որոնելով: Ամէն ինչ չէ կորսուած, կարելի է սխալները ուղղել, փրկութեան նոր քարտէզ մը գծել ու վերականգնիլ: Ասոր համար համերաշխութիւն պէտք է, համագործակցութիւն: Մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին յաճախ ինկած ենք, սակայն կրկին ոտքի կանգնած ենք: Ո՞ւր է այն փնտռուած «փրկիչը», որ պիտի յաջողի մեր սայլը ցեխէն դուրս բերել: Միայն ուշադի՛ր, յանկարծ անձրեւէն փախելով, կարկուտի չբռնուինք:
Յակոբ Միքայէլեան
Աղբիւր- «Գանձասար-Բացառիկ 2021»