Ուրբաթ 1 Յունուար 2021-ին, կէսօրուան ժամը 1-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան Ամանորի առիթով այցելեց Հայ Ծերանոց: Սրբազան հօր ընկերակցեցաւ Հոգշ. Հայր Մանուկ Աբղ. Պարիխանեանը եւ քահանայից դասը:
Խնամակալութեան անդամները եւ տնօրէնը խանդավառութեամբ դիմաւորեցին Սրբազան հօր օրհնաբեր գալուստը: Տեղի ունեցաւ Սրբազան հօր կողմէ տրամադրուած քաղցրեղէններու հիւրասիրութիւն:
Մտերմիկ հանդիպումին ներկայ էին Հայ Ծերանոցի պատսպարեալները, ինչպէս նաեւ Տիկնանց օժանդակ մարմնի ներկայացուցիչները: Առաջնորդ Սրբազան հայրը սրտի անհուն բերկրանքով եւ գոհունակութեամբ փառք վերառաքեց Աստուծոյ, որուն պահպանութեամբ կարելի եղաւ 2021-ի լուսածագը տեսնել: Սրբազանը յայտնեց թէ Հայ Ծերանոցին վստահուած առաքելութիւնը իւրայատուկ է իր աշխատանքային ոճով եւ նպատակով, ուր մամիկներուն եւ պապիկներուն հանգստութիւն ապահովելու համար ծառայութեան եւ նուիրումի ոգի ունենալը անհրաժեշտ է: Այս առումով Սրբազան հայրը գնահատեց Հայ Ծերանոցի տնօրէնութիւնը, խնամակալութիւնը, տիկնանցը եւ պաշտօնէութիւնը, որոնք միասնաբար կը գործեն այս հայաբոյր օճախին պայծառութեան ի խնդիր:
Իր սրտի խօսքի աւարտին, Սրբազան հայրը բոլորին մաղթեց քաջառողջութիւն եւ արեւշատութիւն, նշելով թէ տարեցներուն օրհնանքը ստանալը հարստութիւն է:
Ծերանոցի տնօրէն տիար Աւօ Գաթրճեան հակիրճ կերպով նկարագրեց Հայ Ծերանոցին գործունէութեան պատկերը, լուսարձակի տակ առնելով յատկանշական տուեալներ, որոնք ցոյց կու տան մարդասիրական ծրագիրներուն պատուաբեր իրագործումը ծերանոցէն ներս: Տնօրէնը նշեց թէ մշտապէս ձգտելով լաւագոյնին, կառչելով բարիին եւ հետեւելով հոգեւոր պետերու խորհուրդին գթութեան այս յարկի նաւակը կը մնայ անխորտակելի եւ կ’առաջնորդուի դէպի խաղաղ նաւահանգիստ:
Խնամակալութեան ատենապետ Արժ. Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան Սրբազան Հօր այցելութիւնը խրախուսիչ եւ յուսադրիչ երեւոյթ նկատեց: Ապա ներկաներուն դիտել տուաւ, թէ Մեծն Ներսէս հայրապետին ոգեղէն ներկայութեան շօշափելի արտայայտիչն է Հայ Ծերանոցը: Ան անդրադարձաւ համագործակցութեան տիրական ազդեցութեան մասին, որուն միջոցով ծառայութիւնը հեզասահ ընթացք կ’ունենայ: Քահանան երախտագիտական խօսքերուն ընդմէջէն շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ բարոյական եւ նիւթական աջակցութեամբ նեցուկ կը կանգնի ծերանոցին:
Աւարտին, Սրբազան Հայրը Հայ Ծերանոցի տնօրէնին յանձնեց քուէյթահայ բարերար տիար Կիրակոս Գույումճեանին նիւթական նուէրը, որ Հայ Ծերանոցին նուիրաբերած է իր հանգուցեալ ծնողներուն Ներսէս եւ Մարի Գույումճեաններու պայծառ յիշատակին:
Պատսպարեալներ Առաջնորդ Սրբազան Հօր այցելութեան բարեպատեհ առիթով մեծապէս ուրախացան՝ վայելելով եզակի եւ անմոռաց պահեր:
Թղթակից