Չորեքշաբթի 30 Դեկտեմբեր 2020-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան ներկայ գտնուեցաւ ՍՕ Խաչի Ազգային Պատսպարանի աւանդական սովորութիւն դարձած ամանորեայ սիրոյ ճաշին, որուն ներկայ էին նաեւ ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութիւնն ու Ազգ. Պատսպարանի յանձնախումբը: Նկատի ունենալով պսակաձեւ ժահրի համավարակին պարզած իրավիճակը, այս տարի տօնախմբութիւնը առաւել սեղմ շրջանակի մէջ տեղի ունեցաւ, Ազգային Պատսպարանի յարկէն ներս:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ջերմապէս դիմաւորուեցաւ ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան եւ անոր ատենապետ տիկին Սեդա Կէրկէրեանի, ինչպէս նաեւ Ազգ. Պատսպարանի յանձնախումբին եւ անոր ատենապետ տիկին Զեփիւռ Րէիսեանի կողմէ:
Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ պատսպարանի սաները սիրոյ սեղանի շուրջ դիմաւորեցին Նոր Տարին: Յանձնախումբի ատենապետ տիկին Զեփիւռ Րէիսեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց, ողջունելով տօնական օրերուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնաբեր ներկայութիւնը:
Տօնական յայտագիրին իր մասնակցութիւնը բերաւ մանկական երգերու մեկնաբան Սոնան, որ կաղանդ մամայի կերպարով եւ նոր տարուայ երգերով ծաղկեցուց մթնոլորտը, խանդավառելով բոլոր փոքրիկները: Անոնց ուրախութիւնը ամբողջացաւ կաղանդ պապուկի ժամանումով եւ նուէրներու բաշխումով:
Այս առիթով Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքը փոխանցեց, վեր առնելով ՍՕ Խաչի մարդասիրական ծառայութիւնը եւ հայապահպանութեան նպաստող նուիրական աշխատանքը: Նոր Տարուան սեմին Սրբազան Հայրը գնահատեց ՍՕ Խաչի Շրջանային Վարչութեան, Ազգ. Պատսպարանի յանձնախումբին եւ պաշտօնէութեան տարած բծախնդիր աշխատանքը:
Մասիս եպիսկոպոս մատնանշելով տան գաղափարը, փոքրիկներուն յիշեցուց, թէ ՍՕ Խաչի նուիրեալ մայրերն ու քոյրերը իրենց տուները ձգելով, եկած են պահելու եւ հոգալու այս հարազատ տան՝ Ազգ. Պատսպարանի կարիքները, այն տան, որ ազգին տունն է, ուր անոնք կը պատրաստուին ո՛չ միայն գիտութեամբ, այլեւ հայեցի-քրիստոնէական դաստիարակութեամբ:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ ազգային պատսպարանի մեր զաւակները, ազգային վարժարաններէն ներս կրթութիւն ստանալով եւ պատսպարանի ապահով միջավայրէն ներս հասակ առնելով՝ կը պաշտպանուին եւ կը դառնան վաւերական եւ իսկական հայորդիներ: Հետեւաբար, Սրբազան Հայրը անոնց թելադրեց, որ պատսպարանէն սկսին աշխատիլ եւ իրականացնեն ապագայի իրենց երազներն ու ձգտումները:
Այս առիթով Սրբազան Հայրը Ազգ. Պատսպարանի յանձնախումբի ատենապետին փոխանցեց քուէթահայ բարերար տիար Կիրակոս Գույումճեանի Ազգ. Պատսպարանին նուիրած գումարը, որ նուիրաբերած էր իր հանգուցեալ ծնողներուն Ներսէս եւ Մարի Գույումճեաններու պայծառ յիշատակին:
Սրբազան հայրը Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծնունդի տօներուն առիթով իր հայրական օրհնութիւններն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեց ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան, Ազգ. Պատսպարանի յանձնախումբին, պաշտօնէութեան եւ աշակերտներուն, մաղթելով արեւշատութեամբ եւ առողջութեամբ լեցուն բարեբեր տարիներ:
Թղթակից