ՏԵՂԱԿԱՆ
ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ  
-Սուրիոյ պասքեթի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան, ՀՄԸՄ-ի կազմը յաջողեցաւ արձանագրել տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը՝ 91 – 66 արդիւնքով պարտութեան մատնելով ՀԵԸ-ի խումբը:
-Սուրիոյ պասքեթի ախոյեանութեան աղջկանց Ա. դասա­կար­գի ախոյ­եա­նու­թեան, ՀԵԸ-ի խում­բը 52-65 ար­դիւն­քով յաղ­թեց Իթ­թի­հա­տին:
– Նախորդ Կիրակի, Սուրիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան, Հուրճուլա եւ Ճապլէ խումբերուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը իրաւարարին որոշումով դադրեցաւ 71-րդ վայրկեանին, երբ անհատ մը դաշտ մուտք գործելով, հարուածեց իրաւարարը: Ոստիկանութիւնը միջամտելով ձերբակալեց զինք: Աւելցնենք, որ Սուրիոյ Ֆութպոլի Դաշնութիւնը հարցաքննութիւններ կը կատարէ զոյգ խումբերու պատասխանատու մարմիններուն հետ:
– Աշխարհի լաւագոյն խաղացողներէն, փորթուկալցի Քրիստիանօ Ռոնալտօն իր ստորագրութիւնը կրող Իւվէնթուս խումբի մարզական գազակը նուիրեց Սուրիոյ հաւաքականի խաղացող Օմար Սոմային:
– Հալէպի Իթթիհատ ակումբի պասքեթի տղոց խումբի մարզիչ Օսման Քապլաուին իր հրաժարականը ներկայացուց: Ակումբի նախագահ Պասէլ Համուին ստանձնեց սոյն պաշտօնը մինչեւ նոր մարզիչի մը հետ համաձայնութեան գոյացումը:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ՓՈՔԻԹԻՆԻՈՆ ՓԱՐԻԶ ՍԱՆ ԺԵՐՄԱՆԻ ՄԱՐԶԻՉ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ 
Ֆրանսայի Փարիզ Սան Ժերմանի վարչակազմը խումբի մարզիչի պաշտօնը վս­տա­հե­ցաւ կազ­մի նախ­կին խա­ղա­ցող, Անգլ­իոյ Թո­թեն­համ խում­բի նախ­կին մար­զիչ Մաու­րի­սօ Փո­քի­թին­իո­յին: Ար­ժան­թին­ցի մար­զի­չը առա­ջին ան­գամ խում­բին հետ հան­դի­պե­ցաւ Կի­րա­կի օր, որ­մէ ետք կազ­մը կա­տա­րեց իր առա­ջին մար­զու­մը: Յի­շենք, որ ֆրան­սա­կան ակում­բի վար­չա­կազ­մը պաշ­տօ­նա­զուրկ ըրաւ գեր­մա­նա­ցի Թով­մաս Թու­խէ­լը: Ան ֆրան­սա­կան խում­բին հետ տի­րա­ցաւ երկ­րի ախոյ­եա­նու­թեան, սա­կայն այս տարեշրջանի արդիւնքները գոհացուցիչ չդարձան վարչութեան համար:
ՀԵՆՐԻԿ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ՝ ՌՈՄԱՅԻ ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ ԱՄՍՈՒԱՆ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏԱՐՈՒԱՆ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԽԱՂԱՑՈՂ 
Ֆութպոլի իտալական ակումբի դիմատետրի էջը յայտնեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականի աւագ Հենրիկ Մխիթարեան ճանչցուեցաւ Հռոմի Ռոմայի Դեկտեմբեր ամսուան լաւագոյն ֆութպոլիստը: Այս երկրորդ անգամն է, որ հայ ֆութպոլիստը կþարժանանայ խումբի ամսուան լաւագոյն խաղացողի կոչումին: Մխիթարեանին յաջորդեցին Վերետույնը, Ջեկոյինը, Սպինացոլային եւ Վիլեարը:
Աւելցնենք, որ Հենրիկ Մխիթարեան 10-րդ անգամ ըլլալով հռչակուեցաւ Հայաստանի լաւագոյն ֆութպոլիստ:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԴԱՇՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄՓՈՓԱԾ Է ՏԱՐԻՆ 
Հայաստանի Ֆութպոլի Դաշնութիւնը Ամփոփած է  «Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստ» անուանակարգի 2020 թուականի քուէարկութեան արդիւնքները: Ըստ ՀՖՖ մամուլի ծառայութեան, 133 ձայնով, Հայաստանի 2020թ. լաւագոյն ֆութպոլիստ դարձաւ Հայաստանի հաւաքականի աւագ եւ իտալական Ռոմայի կիսապաշտպան Հենրիկ Մխիթարեանը, որուն 79 կէտով յաջորդեց ղազախական Աստանայի կիսապաշտպան Տիգրան Բարսեղեանը, իսկ երրորդ 25 կէտով Հայաստանի հաւաքականի եւ Սլովաքիայի Ժիլինայի կիսապաշտպան Վահան Բիչախչեանը:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան