ՏԵՂԱԿԱՆ 
Լուրեր Սուրիոյ Մարզական Կեանքէն 
– Սուրիոյ Պասքեթի երիտասարդական խումբի ախոյեանութեան ՀՄԸՄ-ի կազմը 99-83 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ՀԵԸ-ի տղոց կազմը:
– Սուրիոյ Պասքեթի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ՀՄԸՄ-ի խումբը կրեց երկու պարտութիւն, Քարամէէն 97-41 արդիւնքով, իսկ Ուահտէէն 95-72 արդիւնքով: ՀԵԸ-ի տղոց խումբը նոյնպէս արձանագրեց երկու պարտութիւն՝ առաջինը Ուահտէէն 119-79, իսկ երկրորդը՝ Ուասպէէն 94-88 արդիւնքներով:
– Սուրիոյ պասքեթի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան, ՀՄԸՄ-ի աղջկանց խումբը Լաթաքիոյ մէջ երեք կէտի տարբերութեամբ պարտութեան մատնուեցաւ Հըթթին խումբէն 42-45 արդիւնքով, ինչպէս նաեւ Թատամոն խումբէն 54-36 արդիւնքով:
– Սուրիոյ ֆութպոլի ախոյեանական մցումներու ծիրէն ներս, Հալէպի Իթթիհատը յաջողեցաւ արձանագրել իր առաջին յաղթանակը՝ 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Դամասկոսի ոստիկանական խումբը: Հալէպի երկրորդ ներկայացուցիչը՝ Հուրիէն 2-1 արդիւնքով զիջեցաւ Ճապլէ խումբին:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՄԱԼԽԱՍ ԱՄՈՅԵԱՆ՝ ԸՄԲՇԱՄԱՐՏԻ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՐԾԱԹԷ ՄԵՏԱԼԱԿԻՐ 
Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ ընթացող ըմբշամարտի աշխարհի անհատական բաժակի խաղարկութեան, Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Մալխաս Ամոյեան նուաճեց արծաթէ մետալ: 72 քկ. ծանրութեամբ ըմբիշը եզրափակիչ գօտեմարտին մրցակից ունեցաւ հունգարացի Պալինթ Գորպաշինը: Առաջին մրցափուլին Ամոյեան յաղթեց 1:0 արդիւնքով: Երկրորդին՝ մրցակիցը նոյն եղանակով վերադարձուց կէտերը եւ կրցաւ մենամարտը աւարտել յաղթանակով: Մալխաս Ամոյեան բաւարարուեցաւ արծաթէ մետալով, իսկ Սլաւիկ Գալստեան ըմբշամարտի աշխարհի բաժակի պրոնզէ մետալակիր դարձաւ: Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը յաջողեցաւ ձեռք ձգել պրոնզէ մետալ մը շնորհիւ Սլաւիկ Գալստեանի: 67 քկ. ծանրութեամբ ըմբիշ Գալստեան 3-րդ դիրքին համար պայքարեցաւ ուքրանացի խաղացող Արթուր Պոլիտաեւի հետ: Առաջին մրցափուլէն ետք, ան թէեւ զիջած էր 0:4 արդիւնքով, սակայն երկրորդին կրցաւ բեկումի միջոցաւ արձանագրել տպաւորիչ յաղթանակ: Այսպիսով, Սլաւիկ Գալստեան նուաճեց պրոնզէ մետալը:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ՊՈՐԻՍԻԱ ՏՈՐԹՄՈՒՆՏ ՊԱՇՏՕՆԱԶՈՒՐԿ ԸՐԱՒ ԽՈՒՄԲԻ ՄԱՐԶԻՉԸ 
Գերմանիոյ Պորիսիա Տորթմունտ ակումբը, իր պաշտօնական էջով յայտարարեց, թէ վարչակազմը պաշտօնազուրկ ըրած է ֆութպոլի խումբի մարզիչ զուիցերացի Լուսեան Վաւերը: Վարչութեան այս որոշումը եղաւ խումբին արձանագրած պարտութենէն ետք: Դեղինները պարտութեան մատնուեցան Շթութկարտէն 5-1 արդիւնքով: Աւելցնենք, որ Վաւերի պայմանագրութեան ժամկէտը կþաւարտէր 2021-ին, բայց խումբին ձախող արդիւնքներուն հետեւանքով ան կանուխ հեռացաւ: Մինչեւ տարեշրջանի աւարտը, խումբին մարզիչի պաշտօնը վստահուեցաւ գերմանացի Այտըն Թերզիչին:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան