«Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ 11 Յունուարին մեկնարկած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին հանդիպումը:
ՀՀ վարչապետի մամուլի խօսնակ Մանէ Գէորգեան յայտնած էր, որ եռակողմ հանդիպումին` նախապէս ծրագրուած օրակարգը տնտեսական բնոյթ ունի, որ կը վերաբերի տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացումին, միջազգային բեռնափոխադրումներուն՝ Հայաստանէն դէպի Ռուսիա, Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կեդրոնական հատուածներէն Նախիջեւանի երկաթուղիով դէպի Սիւնիքի մարզ: