Բարձր հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, նախաձեռնութեամբ՝ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ 6 Յունուար 2021-ին Լիբանանի մէջ իր մահկանացուն կնքած ազգային գործիչ, ՀՄԸՄ-ի տարիներու Կեդր. Վարչութեան նախկին ատենապետ հանգուցեալ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի հոգւոյն, Կիրակի 10 Յունուար 2021-ի առաւօտուն, յետ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, ՀՄԸՄ-ական սկաուտներու տարազաւոր ներկայութեամբ:
Հոգեհագստեան պաշտօնին ներկայ էին Պատկան Մարմինի եւ Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչներ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Մանուկ Քէօշկէրեան, ՀՄԸՄ-ական շքանշանակիրներ եւ երէց եղբայրներ, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւնը, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Սկաուտ Խորհուրդն ու Խմբապետութիւնը, ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի Վարչութիւնը, Սկաուտ Խորհուրդը, մասնաճիւղի խմբապետը, աստիճանաւորական տարազաւոր կազմերը եւ ՀՄԸՄ-ական քոյրեր եւ եղբայրներ:
Հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք ներկաները ուղղուեցան դէպի Ա.Մանուկեան Ժողովրդային Տան «Լեւոն Շանթ» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ հոգեսուրճ:
Քոյր Սեւան Ազարիկեան-Պարմաքսզեան հրաւիրեց Շրջ. Վարչութեան անդամ եղբ. Եղիա Քիլէճեանը, փոխանցելու Շրջանային Վարչութեան ցաւակցական խօսքը:
Ան բնութագրելով Եղբայր Գառնիկ Մկրտիչեանին նկարագրային օրինակելի վարքը, նշեց, թէ եղբ. Գառնիկը ծնունդ առնելով Հալէպի Մայր Գաղութէն, ազգայնաշունչ ընտանիքի մէջ հասակ առաւ եւ դարձաւ վեհանձն հայու իսկական տիպարը, որ մտահոգուեցաւ իր ազգին տագնապներով եւ ուրախացաւ անոր ձեռքբերած նուաճումներով:
«Որպէս Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ, ան մօտէն հետաքրքրուեցաւ Միութեան աշխարհասփիւռ շրջաններով եւ մասնաճիւղերով: Լայնասրտութեամբ լսեց անոնց մտահոգութիւնները եւ իր կարելին ի գործ դրաւ հաւասարակշռուած եւ շինիչ լուծումներ որդեգրելու համար»:
Եղբ. Եղիան անդրադառնալով Սուրիոյ կատարած իր այցելութիւններուն, ըսաւ. «ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ շրջանը քանիցս վայելած է եղբ. Գառնիկին ներկայութիւնը Սուրիոյ զանազան մասնաճիւղերէն ներս եւ օգտուած՝ եղբօր փորձառութենէն եւ շահեկան ցուցմունքներէն»:
Խօսքի աւարտին Շրջ. Վարչութեան ցաւակցութիւնները յայտնեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, աշխարհասփիւռ ՀՄԸՄ-ականներուն եւ հանգուցեալի ընտանիքին:
Այնուհետեւ ներկաները ունկնդրեցին 2019-ին Միութեան Պատգամաւորական ժողովի փակման հանդիսութեան ընթացքին հանգուցեալ եղբ. Գառնիկին արտասանած խօսքը:
Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը արտասանեց եղբ. Մանուկ Քէօշկէրեան, նշելով, թէ «Ո՞վ չէր ճանչնար եղբայր Գառնիկը, 60-ամեայ, բայց միշտ առոյգ ու կայտառ ՀՄԸՄ-ական, որուն կեանքը ամբողջական նուիրաբերում մը եղաւ հայ մարմնակրթութեան, հայ երիտասարդութեան, հայութեան, Հայաստանին, Արցախին եւ պաշտած կազմակերպութեան։
Սկզբունքային, անշահախնդիր ու առաքինի՛ մարդ՝ իր վարք ու բարքով։
Հայ՝ բառին վաւերական առումով։
ՀՄԸՄ-ական տիպար՝ իր հարազատ կերպարով։ Բոլորը կը սիրէին ու կը յարգէին զինք։
Միութենական կեանքի մա՛րդ էր ան, ողնածուծով ՀՄԸՄ-ական։
Տեղ մը դժուարութի՞ւն կար, տագնա՞պ գոյութիւն ունէր, եղբայր Գառնիկ հոն էր եւ շրջահայեաց մօտեցումով հարցերը բարւոք կերպով լուծելու շնորհքը ունէր։
Ժողովներու մէջ տեսակէտներու բախումով եւ երկուութիւն կա՞ր, լուծումը եղբայր Գառնիկին մօտն էր, ոսկէ միջինը գտնելու բացառիկ կարողութիւն ունէր։
Կանոնագրային-կազմակերպչական հարցերու շուրջ շփո՞թ կար, դարձեալ եղբայր Գառնիկն էր, որ իւրաքանչիւր հարցի համոզիչ լուսաբանութիւնն ու բացատրութիւնը ունէր։
Մեծ էր ան իր համեստութեամբ եւ խոնարհ՝ իր պարկեշտութեամբ, ընկերասիրութեամբ եւ ծառայասիրութեամբ։
Ան կը պատկանէր մեծերու սերունդին։
Մեծ էր սրտով, հոգիով եւ բոլորը ընդունելու իր լայնամտութեամբ։ Գործի եւ միայն գործի նուիրեալն էր ան, որ ո՛չ շահ, եւ ոչ ալ փառք կը փնտռէր։ Գործն էր, որ զինք կը պահէր նուիրաբերումի պատուանդանին վրայ: Հաւատարիմ բարեկամ էր եւ հաւատարմութիւնը իր կեանքի գլխաւոր սկզբունքներէն մէկն էր»։
Եղբ. Մանուկը, յայտնեց, թէ յանուն ՀՄԸՄ-ի համահայկական ընտանիքի 111 մասնաճիւղներուն եւ 26 հազար հաշուող անդամներուն, ՀՄԸՄ-ի Կեդր. Վարչութիւնը խորապէս կը սգայ իր անդամին, նախկին Կեդր. Վարչութեան ատենապետ Եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանին կորուստը եւ կը խոնարհի անոր վաստակին առջեւ։
Աւարտին Գերաշնորհ Սրբազան հայրը փոխանցեց իր սրտի խօսքը, յայտնելով, որ հանգուցեալ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան հետեւելով Քրիստոսի լուծը քաղցրութեամբ շալկելու կոչին, հակառակ բոլոր ազգային դժուարութիւններուն՝ լաւատեսութեամբ եւ համբերութեամբ կրեց ազգային հարցերը, լսեց բոլորին, ամոքեց եւ թեթեւցուց անոնց ցաւերը եւ շինիչ լուծումներ առաջարկեց:
Սրբազան Հայրը Լիբանանի, Քուէյթի եւ Հալէպի մէջ մօտէն ճանչնալով հանգուցեալին, մատնանշեց անոր ՀՄԸՄ-ի, հայ դատի եւ ազգային կեանքի ծառայութիւնը, մասնաւորելով յատկապէս անոր աշխատանքային կազմակերպուած վարքագիծը եւ մաղթեց իրմէ օրինակ առնելով նոր սերունդի ՀՄԸՄ-ականները պատրաստել, դառնալու համար ապագայի մեր ղեկավարները:
Իր խօսքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Թեմի ժողովականութեան եւ ժողովուրդին անունով եւ անձնապէս իր ցաւակցութիւնները յայտնեց ՀՄԸՄ-ի Կեդր. Վարչութեան, ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին եւ հանգուցեալի ընտանիքին, աղօթելով, որ Ամենակալը երկնքի լուսաւոր երկնակամարին մէջ հանգչեցնէ իր հոգին, ապա «Պահպանիչ» աղօթքով փակեց օրուան համախմբումը:
Բիւր յարգանք եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի վաստակին: