Երեքշաբթի, 12 Յունուար 2021-ին, «Ուաթան Անլայն» հաղորդեց, որ թրքական ուժերը քաշուեցան Իտլիպի հարաւ-արեւելեան արուարձանին մէջ իրենց հակողութեան վերջին կեդրոնէն, գործադրելով թրքական վարչակազմին որոշումը, յատկապէս, որ սուրիական բանակը յառաջխաղացք արձանագրեց շրջանին մէջ։ Այսպիսով աւարտին կը հասնի թրքական բանակին հսկողութեան կեդրոններէն դուրս քաշուելու համաձայնութիւնը, որ սկիզբ առաւ Հոկտեմբեր 2020-ին։