Հինգշաբթի, 14 Յունուար 2021-ին, Սուրիոյ Քարիւղի եւ Հանքային Հարստութեան Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ԱՄՆ-ի Սուրիոյ դէմ պարտադրած պատժամիջոցներուն հետեւանքով քարիւղային արտադրութիւններուն Սուրիա հասնիլը օրեր յետաձգուելէ ետք, այսօր հում քարիւղ ընդգրկող փոխադրակառքերը հասան Սուրիա։
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ հում քարիւղի փոխադրակառքերը անմիջապէս ուղղուեցան Պանիասի զտարան։ Զտարանը բանիլ սկսաւ, ուստի յաւելեալ քանակներով պէնզին եւ քարիւղային այլ նիւթեր պիտի արտադրուին։