«Նոյեան Տապան».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, պատասխանելով Արցախի կարգավիճակին առնչուող  հայկական լրատուամիջոցներու հարցումին՝ ըսաւ. «9 Նոյեմբերի յայտարարութիւնը սկսած է արդիւնաւէտ կերպով իրագործուիլ: Բացի գերիներու հարցէն, ամէն բան կþընթանայ բաւական արդիւնաւէտ կերպով: Այժմ կը հետանդուի խաղաղապահներու իրաւասութիւնները կարգաւորելու գործընթացը: Յայտարարութեան վերաբերեալ որեւէ յաւելուած չկայ: Կարգավիճակի հարցը աւելի դիւրութեամբ կը լուծուի, եթէ իրականացուին կողմերուն ստանձնած բոլոր յայտարարութիւնները եւ պարտաւորութիւնները, որոնք  կը վերաբերին բոլոր ցեղային եւ կրօնական համայնքներու բարի դրացիական եւ համակեցութեան ապահովման:
Լեռնային Ղարաբաղը Ռուսիոյ կազմին մէջ ներառնելու գաղափարին մասին ըսեմ, որ անիկա չէ ընդունուած որեւէ կողմէ, ներառեալ՝ Հայաստանի:  Մենք նման ծրագիր չունինք եւ կը կարծենք, որ կարգավիճակի հարցը պէտք է լուծուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ջանքերով»:
Լաւրով յայտնեց, որ մինչ բոլոր ատրպէյճանցի գերիները վերադարձուած են, բոլոր հայ գերիներու վերադարձը տեղի չէ ունեցած։