Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը (ANCA) կը փոխանցէ, որ Թրամփի վարչակազմը աշխատանքի վերջին ժամերուն ստորագրած է ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ միջեւ փոխըմբռնումի երկկողմանի յուշագիր, որ Թուրքիոյ օրինական իրաւունքներ  կու տայ տարածաշրջանի բնիկ ժողովուրդներու եւ այլ փոքրամասնութիւններու կրօնա-մշակութային ընդարձակ ժառանգութեան վրայ:
Համաձայնագիրը ստորագրուած է ի պատասխան Թուրքիոյ խնդրանքին, որ ներկայացուած էր աւելի քան տարի մը առաջ:
Այս քայլին դէմ բողոքած են ANCA-ն, Յունա-ամերիկեան խորհուրդի առաջնորդութիւնը, «Ի Պաշտպանութիւն Քրիստոնեաներու» (IDC) կազմակերպութիւնը, մեծաթիւ մշակութային եւ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններ, ներառեալ Արուեստի թանգարաններու տնօրէններու Ընկերակցութիւնը (AAMD), Մշակութային Քաղաքականութեան Հարցերով Կոմիտէն (CCP) եւ Համաշխարհային Ժառանգութեան Դաշինքը (GHA):
«Թրամփի վարչակազմը իր վերջին ժամերուն Թուրքիոյ օրինական իրաւունքներ նուիրեց պահանջելու տարածաշրջանի բնիկ ժողովուրդներու եւ փոքրամասնութիւններու, այդ կարգին՝ հայերու, յոյներու, ասորիներու, խալդերու, սուրիացիներու, արամէացիներու, մարոնիտներու, հրէաների եւ այլ ժողովուրդներու կրօնական եւ մշակութային ընդարձակ ժառանգութիւնը», յայտնած է ANCA-ի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանը:
IDC նախագահ Թաուֆիք Փաաքլինն իր կարգին յայտնած է, որ փոխըմբռնումի մասին յուշագիրը Թուրքիոյ քրիստոնէական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման ամերիկեան խրախուսման խայտառակ նշանն է:
«Հակառակ անոր, որ յուշագիրի վերջնական բովանդակութիւնը չէ հրապարակուած, սակայն Թուրքիոյ խնդրանքը  կոչ կը պարունակէ սահմանափակումներ մտցնելու իր տարածքին գտնուող բոլոր դարաշրջաններու՝ նախապատմականէն մինչեւ ժամանակակից դարաշրջանի արուեստի բոլոր ստեղծագործութիւններու օգտագործման վրայ» կը յայտնէ ANCA-ն: