Պոլսահայ լրագրող, «Ակoս» ամսաթերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան եւ ժամանակակից թրքական հասարակութեան մասին պատմող ֆրանսերէն «Ակoս» վէպը թարգմանուած է հայերէնի:
«Արմէնփրէս»ի համաձայն, ֆրանսացի արձակագիր, լրագրող Վալերի Մանտոյի ստեղծագործութիւնը, որ արժանացած է ֆրանսական ամենաբարձր գրական պարգեւներէն մէկուն՝ «Ռընոթո» մրցանակին, հայ ընթերցողներուն ներկայացուած է Հրանդ Տինքի սպանութեան տարելիցին՝19 Յունուարին, ՀՀ Ֆրանսայի դեսպանատան մէջ: Ներկայ եղած է նաեւ հեղինակը:
«Գիրքը նուիրուած է Հրանդ Տինքին, որ սպանուած է 19 Յունուար 2007-ին Իսթանպուլի մէջ:  Գիրքին հայերէն հրատարակութիւնը մեզի համար Տինքին յարգանքի տուրք մատուցելու ձեւ մըն է, անկախ անկէ՝ ան խորհրդանշական է այն բանով, որ նուիրուած է խօսքի ազատութեան: «Ակօս»ի մէջ մենք կը հանդիպինք թուրք մտաւորականներու, որոնք մեծ հարցեր ունեցած են իրենց իշխանութիւններուն հետ ու կը շարունակեն ունենալ մինչեւ օրս», ըսած է ՀՀ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճոնըթըն Լաքոթը:
Գիրքը լոյս ընծայած է Newmag հրատարակչութիւնը՝ ՀՀ Ֆրանսայի դեսպանատան աջակցութեամբ:
Գիրքին 35-ամեայ հեղինակ Վալերի Մանտօն հանրածանօթ լրագրող է եւ սիւնակագիր։ 2008-2013 թուականներուն ան աշխատած է Charlie Hebdo ամսագրի խմբագրակազմին մէջ։ 2017-ին ապրելով Իսթանպուլի մէջ արձակագիրը ձեռնամուխ եղած է Հրանդ Տինքի եւ անոր թողած ժառանգութեան հետքերը բացայայտելու գործին եւ 2018-ին հրատարակած  է Le Sillon «Ակօս» վէպը։