Ուշացած նախաճաշս հազիւ լրացուցած՝ հեռաձայնս հնչեց: Լսեցի վաղեմի բարեկամի մը՝ Հ…ին ձայնը (վերջին ամիսներուն, արդէն բարեկամի-հարազատի երես տեսած չունինք, հեռաձայնն է միակ ապաւէն-կապը): Բնականաբար առաջին հարց ու փորձը՝ երկու կողմէ, կը բխէին ընդհանուր կացութենէն, համաճարակի նոր ալիքներուն առթած մտահոգութիւններէն եւ Ուաշինկթընի մէջ դրական տեղաշարժի մը նախանշաններէն: Յետոյ, զրոյցը անխուսափելիօրէն հասաւ Հայաստանի իրադարձութիւններուն:
-Լսեցի՞ր վարչապետին երէկուան յայտարարութիւնը… Դուրս տուած նորագոյն ապիկարութիւնը,- հարցուց՝ առանց ծածկելու խոր վրդովմունքը:
-Ո՞ր ապիկարութեան մասին է խօսքդ… Այնքան շատ են որ, ալ հաշիւը կորսնցուցած եմ,- պատասխանեցի՝ իսկապէս չհասկնալով, թէ ճիշդ ո՞ր անհեթեթ ապիկարութեան մասին էր խօսքը:
-Շուշիի մասին ակնարկութեա՛ն… Չըլլալի՛ք բան է. ինչպէ՞ս կրնայ ըսել, որ Շուշին հայկական չէր արդէն, որովհետեւ ազատագրումէն առաջ, անոր բնակիչներուն մեծ մասը ազերի էր: Այս մարդը պատմութիւն չի՞ գիտեր… Լուր չունի՞, որ Ատրպէյճան կոչուած երկրին ծնունդէն առաջ, Արցախն ու անոր սիրտը՝ Շուշին հազարաւոր տարիներ եղած են հայկական… Ատրպէյճան յստակ քաղաքականութիւն մը հետապնդած է Շուշին հայաթափելով, ինչպէս ըրած է Նախիջեւանի եւ հայաբնակ այլ գօտիներու պարագային, նոյնը պիտի ընէր ամբողջ Արցախին, եթէ չըլլար ազատագրումի յաղթարշաւը: Ասանկ բան ընդունելի՞ է, այն ալ երկրի վարչապետէ՛ն…
-Բնականաբար ընդունելի չէ. ըսածին մէջ ո՛չ ճշմարտութիւն կայ, ոչ ալ տրամաբանութիւն ու խելք: Բայց… ինչո՞ւ կը զարմանաս. ահա այն մարդը չէ՞, որ Արցախի մեծագոյն մասը ազերիներուն յանձնելէ ետք, նոյն խորհրդարանին առջեւ յայտարարեց, թէ «դժբախտ ու տժգոյն Շուշին արդեօք մեզի պէ՞տք էր…»: Անկէ ետք, նման արտայայտութիւններ պէտք չէ զարմանք պատճառեն:
-Լա՛ւ, բարեկա՛մս: Ըսե՛նք, որ ինք չի գիտեր, կամ գիտնալով՝ հիմա տգէտի դեր յանձն առած է եւ ի վնաս մեր հայրենիքին կը խօսի, կը գործէ: Հայաստանի մէջ գիտցող մարդ չկա՞յ, խորհրդարանին մէջ իրականութիւնները գիտցող չկա՞յ, որ իրեն ըսէ, թէ պարո՛ն վարչապետ, սխա՛լ ես, այս ըսածներդ միայն Ատրպէյճանի հաշիւներուն կը ծառայեն: Վե՛րջ տուր այս սխալներուդ…
-Կան. իր սխալները ամէն օր ցոյց տուողներ կան. խորհրդարանին մէջ, ընդդիմադիրները, խորհրդարանէն դուրս՝ քաղաքական դէմքեր ու պատմագէտներ ամէն օր կը պոռան, որ այս ինքնակոչ տգէտը մեր ժողովուրդը եւ հայրենիքը դէպի նոր պարտութիւններ, դէպի նոր կորուստներ կ՚առաջնորդէ…
-Է՞, ինչո՞ւ դեռ կը մնայ պաշտօնի վրայ…
-Որովհետեւ խորհրդարանին մէջ իրեն պէս տգէտ ձեւացող մարդիկ մեծամասնութիւն են, անոնց հաշիւները կը պահանջեն, որ ան մնայ, հոգ չէ թէ Հայաստանն ու Արցախը հալ ու մաշ եղան,  տակաւին կ՚՚ըլլան… Վստահ եմ որ «սէրը կոյր է», սակայն հաւանաբար չես անդրադարձած, որ ասանկ պարագաներու, սէրը նաեւ շիլ է ու կը բխի անձնական հաշիւներէ, նոր տեսակի կաշառակերութենէ, որուն ուրիշ անուններ կու տան, օրինակ՝ պարգեւավճար…
-Ես այս Հայաստանի ժողովուրդին կեցուածքը չեմ կրնար հասկնալ: Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ ա՛յսքան վնաս բերողն ու նոր վտանգներու տակ դնողը չեն վռնտեր վարչապետի աթոռէն: Եթէ մեզի պէս մտածէին, արդէն վարչապետն ու իրեն պէս մտածողները (եթէ մտածելու կարողութիւն ունին) շատո՜նց աւլած, դուրս դրած կ՚ըլլային կառավարութենէն ու խորհրդարանէն…
-Շատ բարդ հարցումներ մի՜ հարցներ: Ժողովուրդը իր դերը ունի, սակայն կամայ թէ ակամայ «առեւանգուած» է այս իշխանութեան կողմէ: «Եթէ մենք երթանք՝ հիները պիտի գան» սուտ քարոզը ա՛յնքան ուժեղ ձեւով կը տարածուի պաշտօնական եւ ոչ-պաշտօնական  միջոցներով, որ մարդիկ շուարումի մատնուած են, իսկ ընդդիմադիրներն ալ բարեկարգումի եւ վերականգնումի յստակ ծրագիր մը չեն հրամցուցած, կը կրկնեն ու կը կրկնեն՝ «պէտք է հեռանայ, յետոյ կը նայինք»: Ասիկա լաւագոյն ձեւը չէ վնասէն ետ դառնալու, սխալները սրբագրելու:
-Ի՛նչ ալ ըլլայ, այս ըսածները անընդունելի են: Կարծես թէ ազերիներն ու թուրքերը կը խօսին իր բերնով… Ասանկ բանբեր կարծես թէ երկինքէն ինկած է իրենց…
-..Լուր ունի՞ս, որ Ատրպէյճանի մամուլը ի՜նչ ցնծութեամբ արձագանգեց Փաշինեանի այս յայտարարութեան: Հայաստանի ընդդիմադիր աղբիւրները խոր մտահոգութեամբ կ՚արձանագրեն, որ անոնք Փաշինեանի խօսքերը կ՚արձանագրեն այնպիսի ոճով, որ կարծես թէ մեր վարչապետը իրենց հերոսը ըլլար: Սա յերիւրանք չէ, զրպարտութիւն չէ, «սուտ լուր» (Fake news) չէ: Գնա՛, այցելէ իրենց կայքէջերը եւ ցաւով պիտի տեսնես, որ ինչեր կը գրեն: Քանի մը շաբաթ առաջ, վրան կը խնդային, հիմա գոհունակութեամբ կ՚արձագանգեն (*):
-Գիտե՞ս ինչ եկաւ միտքս: Մեր նշանաւոր գրողներէն՝ Կարօ Փօլատեանը գիրք մը ունի. «Կը հրաժարիմ հայութենէ»: Փաշինեանն ալ, այնպէս կ՚երեւի թէ, հրաժարած է հայութենէ, դարձած է թուրք-ազերի, մեր թշնամիներուն կամակատարը: Արդէն հողերը յանձնելն ու շատ բաներ ալ փաստեցին այս դերը: Հիմա հարց է, թէ ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ հայութենէ իրողապէս եւ փաստացիօրէն հրաժարող մը կը մնայ Հայաստանի վարչապետը… (Պահ մը լուռ մնալէ եւ ինձմէ պատասխան չստանալէ ետք՝ հարցուց): Այս մասին բան մը պիտի չգրե՞ս:
-Ի՞նչ գրեմ, բարեկա՛մս… Ո՞ր չըլլալիք-չըսուելիք բաներուն մասին գրեմ: Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ արդէն բաւական բան ըսող-գրող եղաւ: Իմ գրելս ի՞նչ պիտի աւելցնէ… 10 Նոյեմբերէն ասդին, երբ «կը յաղթենք, պիտի յաղթենք»ի՝ սուտի «թագաւորութենէն» դուրս եկանք, կ՚ապրինք կատարեալ անհեթեթութեան դարաշրջան մը, ըսածիդ պէս՝ շատ բան անբացատրելի կը մնայ, ես ալ կը զարմանամ, որ երկու տարի առաջ իր լաւ խոստումներուն իսկապէս հաւատացողները, այս ցաւցնող իրականութիւնները տեսնելէ ետք, ինչպէ՞ս կը շարունակեն ըսել, որ ան պէտք է վարչապետ մնայ: Մնայ՝ որպէսզի մեր կորուստները աւելնա՞ն: Տեսնենք վաղը, Կարսի շրջանին մէջ թուրք-ազերիական միացեալ ռազմափորձերէն ետք ի՞նչ նոր վտանգներ պիտի կախուին մեր հայրենիքին գլխուն, վարչապետը ինչո՞վ պիտի շարունակէ արդարացնել իր կորստաբեր քայլերը, որոնք, կրկնեմ, զրպարտութիւն կամ շինծու բաներ չեն. ի՞նչ նոր «գիւտեր» պիտի ընէ, իր ձախաւերութիւնն ու դաւաճանական ընթացքը «նախկիններուն» եւ ընդդիմադիրներուն վիզին փաթթելու համար: Մարդ միայն կոյր, խուլ կամ… թշնամիի գործակալ պէտք է ըլլայ այս բոլորը չտեսնելու եւ չբողոքելու համար…
-Գրէ՛, բան մը գրէ՛ անպայման: Եթէ ես սահուն գրիչ ունենայի, անպայման բան մը կը գրէի,- ըսաւ խոր դառնութեամբ:
-Ըսի՛, չէ՞. գրող եւ ճշմարտութիւնը խօսող շա՛տ են: Իմ կարգիս բան մը գրելով՝ անոնց ըսածին ու գրածին վրայ բան մը աւելցուցած պիտի չըլլամ, այլ պարզապէս պիտի ձայնակցիմ այս ձախաւերութեան, վնասարարութեան վերջ տալու պահանջին,- եզրակացուցի:
Բարիքի մաղթանքներով, «Ամերիկան եւ աշխարհը Թրամփէն ազատեցան, ինշալլահ Հայաստանն ալ շուտով ազատի Փաշինեանէն ու խմբակէն» յոյսով՝ փակեցինք մեր զրոյցը:
Յետոյ, մտածեցի, որ բարեկամս միակը չէ, որ կը մտածէ, թէ «սահուն գրիչ չունի»: Կը հաւատամ, որ իրեն պէս կան տասնեակ հազարաւոր, միլիոնաւո՛ր հայեր, որոնք կը տառապին նոյն տագնապներով, եթէ պզտիկ ճիգ մը ընեն, պիտի տեսնեն, որ իրենց խօսածը, միտքէն անցածը կրնան շատ լաւ արտայայտել, իրենց ձայնը միացնել բոլոր անոնց, որոնք կը պահանջեն, որ «Փաշինեան եւ ընկերութիւն» կոչուած մղձաւանջը հեռանայ Հայաստանի ղեկէն, իշխանութեան հասնին թուրք-ազերիին բանբերը չեղող, աւելի՛ն, մեր հայրենիքին շահերը աշխարհի իրականութիւններուն հետ հաշտեցնող ու պաշտպանող մարդիկ, նման անոնց՝ որոնք շատ աւելի համեստ եւ դժուարին պայմաններու մէջ, խիզախեցան «ո՛չ» ըսելու մեզի պարտադրուած արգելքներուն, Շուշիի պէս ՀԱՅԿԱԿԱՆ միջնաբերդ մը ազատագրեցին ամէն տեսակի նախադրեալ ապահովելով, յետոյ ալ յաջողեցան աւելի քան 25 տարի Արցախն ու Շուշին հայկական պահել, չմտածեցին, որ «Շուշին մինչեւ 90-ականներ մեծ մասամբ ազերիաբնակ էր»: Մենք պէտք ունինք հայրենի այնպիսի՛ իշխանութեան մը, որ ո՛չ միայն Արցախի ու Շուշիի հայկականութիւնը դնէ օրակարգի վրայ, վերականգնէ անոնց ազատագրումի ուժական եւ քաղաքական-դիւանագիտական յենարանները, այլ ունենայ շա՛տ աւելի հեռուները հասնող մտահորիզոն,
Որովհետեւ՝ հայութիւնը, որքան ալ որ կիսախուփի վերածուած ըլլան այսօրուան կարգ մը աչքերը, չէ մոռցած եւ չի կրնար մոռնալ, որ հայկական էին եւ ե՛ն նաեւ Կարսը, Վանը, Արարատն ու Սիփանը, հայկական էր ու հայկական պիտի ըլլայ նաեւ Կիլիկիան: Փաշինեանական «իրատեսութիւնը»՝ ռէալփոլոթիք-ը անհորիզոն է ու կը ծառայէ միայն մեր թշնամիներուն, իսկ նման քաղաքական օրակարգ հետապնդողը «թեթեւամիտ, անիրապաշտ երազատես» նկատողները գիտէք թէ ի՛նչ ճակատագիրի պիտի մատնուին:
Սարգիս Մահսերէճեան