ՀՀ Զինեալ ուժերու տօնին (Հայոց Բանակի տօնին) օրուան առիթով, ինչպէս եւ սպասելի էր, «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն մարդոց երթը սկսած էր առաւօտ շատ կանուխ եւ չէր դադրած ամբողջ օրուան ընթացքին: Արցախեան վերջին գոյապայքարին հետեւանքով տարածքով կրկնապատկուած Եռաբլուրի մէջ իրենց վերջին հանգրուանը գտած հայորդիներէն մէկուն` ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի նախագահ, նուիրեալ ազատամարտիկ, ՀՅԴ կամաւորական վաշտերու կազմին մէջ մարտնչած եւ Արցախի հիւսիսային դիրքերուն հերոսաբար նահատակուած Գեղամ Մուշեղեանի շիրիմը 29 Յունուարին այցելած մարտական, կուսակցական ընկերները մասնակցեցան նաեւ օրուան խորհուրդին առիթով նախաձեռնուած խոստումի եւ երդումի աւանդական արարողութիւններուն: «Կը թուի թէ մահը վերջակէտ է ամէն ինչին: Բայց եկուր ու տես, որ հիմա մեր ներկայութիւնը Գեղամ Մուշեղեանի շիրիմի կողքին կը հակասէ այդ կարծիքին: Դաշնակցականին, հայ ազատամարտիկին համար նահատակութենէն վերջ տակաւին ընելիքներ կան», իր խօսքին մէջ ըսաւ նորագիրներու կնքահայր, ՀՅԴ կամաւորական գումարտակի հրամանատար, ազատամարտիկ Հարմիկ Յովսէփեան, դիմելով նորագիրներուն, շեշտեց. «Դաշնակցութեան շարքերը անցնելով` ձեր առջեւ դռներ չեն բացուին, անոնք պէտք է բանաք դուք` ձեր ամուր կամքով: Դուք պիտի ըլլաք թիրախ արտաքին եւ ներքին թշնամիներուն համար: Բայց դուք պիտի չվհատիք, որովհետեւ դուք զինուած էք գաղափարախօսութեան եւ հաւատքի սուրով ու վահանով»: Խոստումի եւ երդումի արարողութեան միջոցով ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան եւ Դաշնակցութեան շարքերը անցան քանի մը տասնեակ նորագիրներ: