Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումը 3 Փետրուարին Հայաստանի քաղաքացիները կը հրաւիրէ բողոքի ցոյցի հետեւեալ յայտարարութեամբ.

«Ազգային ժողովի «Իմ Քայլը» խմբակցութիւնը կառավարութեան եւ անոր դաւաճան ղեկավարին գլխաւորութեամբ կը շարունակէ իր հակազգային, հակապետական գործունէութիւնը:

3 Փետրուարին կառավարութեան նախաձեռնութեամբ պիտի գումարուի Ազգային Ժողովի արտակարգ նիստ, որուն օրակարգին մէջ նոյնպէս հակապետական օրինագիծեր ընդգրկած են:

Կոչ կ’ուղղենք  մեր քաղաքացիներուն 3 Փետրուարին, ժամը 10:00-ին հաւաքուելու Ազգային ժողովի` Տեմիրճեան փողոցի մուտքին` մեր բողոքի ձայնը բարձրացնելու ապազգային իշխանութեան գործունէութեան դէմ:

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժում»