Երեքշաբթի, 2 Փետրուար 2021-ին, «Մայատին» յայտնեց, որ քրտական ՔԱՍԱՏ-ի զինեալ խմբաւորումները Գամիշլիի թաղամասերէն արգելափակման պարիսպները սկսան քանդել, քաղաքը օրեր շարունակ պաշարելէ ետք։ Աղբիւրը յայտնեց, որ այսօր, Հալէպի մէջ Ռուսական հովանաւորութեամբ, սուրիական կառավարութիւնը ՔԱՍԱՏ-ի հետ բանակցեցաւ Գամիշլիի եւ Հասիչէի պաշարման օղակը քակելու համար։ Հաւանական է, որ երեկոյեան ժամերուն երկու քաղաքներուն պաշարումը աստիճանաբար քակուի։ Կառավարական աղբիւր մը «Մայատին»ին հաղորդեց, որ ժամեր առաջ ուտեստեղէն եւ վառելանիւթ ընդգրկող փոխադրակառքեր մուտք գործած են Հասիչէի եւ Գամիշլիի տարբեր թաղամասեր, սակայն կարելի չէ վերջնականապէս յայտարարել թէ պաշարման օղակը քակուած է, որովհետեւ համաձայնութիւնը լրիւ գործադրելու կասկած կայ, նկատի ունենալով որ ՔԱՍԱՏ հրահանգը ԱՄՆ-ի ուժերէն կը ստանայ եւ հաւանական է որ վերջինս խանգարէ համաձայնութիւնը։