«Ասպարէզ».- Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ նախաձեռնած է համացանցային արշաւի մը` կարելի եղածին չափ մեծ թիւով ստորագրութիւններ ապահովելու համար Քոնկրեսի Հայկական համախմբումին ղեկավարութեան հեղինակած եւ նախագահ Ճօ Պայտընին հասցէագրուած այն նամակին տակ, որուն միջոցաւ վարչակազմէն Հայաստանի եւ Արցախի ի նպաստ հետեւեալ քայլերը կը պահանջուին․

– Անմիջական յաւելեալ աջակցութիւն Արցախին վերակառուցման համար.

– Աշխոյժ մասնակցութիւն Արցախի տագնապին արդար լուծում մը գտնելու ջանքերուն, որ հիմնուած պիտի ըլլայ  ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը յարգելու սկզբունքին վրայ եւ որ կ՛երաշխաւորէ Արցախի ապահովութիւնը.

– Հայ գերիներուն անմիջական ազատ արձակումը ապահովելու ջանքերուն մէջ ամերիկեան ղեկավարութիւն.

– Ատրպէյճանին ռազմական աջակցութեան սառեցում եւ պատժամիջոցներ՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ղեկավարներուն դէմ Արցախի մէջ մարդկային իրաւանց լուրջ ոտնակոխումներուն համար.

– Աջակցութիւն Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման եւ Հայաստան ապաստանած գաղթականներուն.

– Նախագահ Պայտընի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում։

Միւս կողմէ, «Սան Ֆրանսիսքօ Քրոնիքըլ» թերթին մէջ լոյս տեսաւ քոնկրեսականներ Սփիրի եւ Շիֆի հեղինակած յօդուածը, ուր կոչ կը կատարուի նախագահ Պայտընին՝ վերջ տալու Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ բռնարարքներուն նկատմամբ լուռ մնալու՝ Ուաշինկթընի կեցուածքին եւ անմիջապէս կասեցնելու Պաքուին տրամադրուող ռազմական բոլոր օժանդակութիւնները, որոնք բազմացած էին նախորդ վարչակազմի օրերուն։