«Արմէնփրէս».- Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր, Հարաւային Կովկասի հետ կապերու պատուիրակութեան ղեկավար Մարինա Քալիւրանտ, Հայաստանի հարցով Եւրոպական Խորհրդարանի մշտական զեկուցող, պատգամաւոր Անտրէյ Քովաչեւ եւ Եւրոխորհրդարանի Ատրպէյճանի հարցերու մշտական զեկուցող, պատգամաւոր Զելեանա Զովքոն  միատեղ յայտարարութեամբ հանդէս եկած են` ընդգծելով  Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւններու վերսկսման անհրաժեշտութեան մասին:

Յայտարարութեան մէջ յիշուած է.

«Հրադադարի մասին համաձայնագիրի ամբողջական իրականացումը անհրաժեշտ առաջին քայլն է եւ ցաւալի է, որ ռազմագերիներու փոխանակումը տակաւին ամբողջութեամբ չէ իրականացած: Մենք կ’ողջունենք մարտական գործողութիւններու աւարտէն վերջ  գերեվարուած  քանի մը հայ զինուորական ծառայողներու ազատ արձակումը եւ կը դիմենք Ատրպէյճանին ` մնացած գերիները ազատելու համար, որպէսզի վստահութիւնը վերակառուցուի: Մենք նաեւ կողմերը կը յորդորենք վերոնշեալ նպատակներուն համար ապահովել միջազգային կազմակերպութիւններու լիովին անկաշկանդ մուտքը` մարդասիրական օգնութիւնն ու մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը ապահովելու համար: Այս հարցերը կ’ընդգծեն բազմակողմանի նոր ջանքերու անհրաժեշտութիւնը` հակամարտութեան կայուն լուծում գտնելու համար»: