“Ապառաժ”._«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը 10 Փետրուարին հանդիպում ունեցած է ԱՀ նախագահի կողմէն առաջադրուած գլխաւոր դատախազի թեկնածու Գուրգէն Ներսիսեանին հետ: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են դատախազութեան եւ դատաիրաւական հարցեր: Կարեւոր համարուած է դատախազութեան դերը օրինականութեան հաստատումին եւ յատկապէս յետպատերազմեան շրջանին տարհանուածներուն, պատերազմի մասնակիցներուն, վիրաւորներուն, ինչպէս նաեւ թշնամիին միջոցով գերեվարուած մեր հայրենակիցներու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար: