“Թերթ”._Հայկական կողմը Ատրպէյճանին փոխանցած է 7 աճիւն, կը յայտնէ minval.az-ը` մանրամասնելով, որ ատրպէյճանցիները հաւանաբար անհետ կորած են Արցախեան առաջին պատերազմին ընթացքին։ Այս մասին յայտնուած է ռազմագերիներու, պատանդներու եւ անհետ կորած քաղաքացիներու հարցերով պետյանձնաժողովի հաղորդագրութեան մէջ: Աղբիւրը մանրամասնած է, որ աճիւններու մնացորդները փոխանցուած է 12 Փետրուարին` Շուշիի մօտակայքը: Այժմ պէտք է դիակները ստուգուին, որմէ ետք անոնք պիտի փոխացուին զոհերու ընտանիքներուն: