«Արմէնփրէս».- Արցախի Ներքին Գործոց Նախարարութեան Արտակարգ Իրավիճակներու Պետական Ծառայութենէն յայտնեցին, որ Մարտակերտ քաղաքի մէջ, Մարտակերտի շրջանի Ճանկաթաղ, Մաղաւուզ, Մեծ շէն, Վարնկաթաղ համայնքներուն եւ «Պուշկէն եալ» կոչուող տեղամասի մէջ փրկարար ծառայութեան ականազերծման ջոկատները 13 Փետրուարին երկրաչափական հետախուզական աշխատանքներ կատարած են` ռազմամթերք եւ այլ պայթուցիկ առարկաներ յայտնաբերելու նպատակով: Աղբիւրը տեղեկացուցած է նաեւ որ յայտնաբերուած զինամթերքը կ’ոչնչացուի տեղւոյն: Լրացուցիչ տեղեկատուութեան համար կը գործէ 911 կարճ հեռախօսահամարը: