«Երկիր».-Հայաստանի վարչապետի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն`9 Նոյեմբեր  2020-ի յայտարարութեան 9-րդ կէտը որեւէ միջանցքի ստեղծումի մասին դրոյթներ չի պարունակեր: Հայաստանի տարածքէն անցնող իւրաքանչիւր ճանապարհ կամ հաղորդակցութեան ուղի կայ եւ պիտի ըլլայ բացառապէս Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան ներքոյ:

Այս մասին յայտարարած է ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Աննա Նաղդալեան` պատասխանելով «Արմենփրէս» լրատուական գործակալութեան հարցումին:

– Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ «10 Նոյեմբերին ստորագրուած միատեղ յայտարարութեան մէջ առկայ է յատուկ դրոյթ Նախիջեւանի միջանցքի ստեղծումի մասին»: Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք :

– 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան 9-րդ կէտին մէջ նշուած է «տարածաշրջանի բոլոր տնտեսական եւ երթեւեկային կապերու ապաշրջափակումի» մասին, եւ  այս մօտեցումով  Հայաստանը հանդէս պիտի գայ տարածաշրջանի մէջ կայունութիւն հաստատելու եւ գործակցութեան հեռանկարներու հարցերով: Վերոնշեալ կէտը չի պարունակեր որեւէ միջանցքի ստեղծման դրոյթներ: Հայաստանի տարածքէն անցնող իւրաքանչիւր ճանապարհ կամ հաղորդակցութեան ուղի կայ եւ պիտի ըլլայ բացառապէս Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան ներքոյ: