Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան 15 Փետրուարին այցելած է Ազատութեան հրապարակ, զրուցած է քաղաքացիներուն հետ, լսած է անոնց տեսակէտները երկրի մէջ տիրող իրավիճակին եւ Շարժումի գործունէութեան մասին:

Յիշեցնենք, որ 12 Փետրուարին  ան յայտարարել էր, որ յետայսու Ազատութեան հրապարակը պէտք է դառնայ Շարժումին շտապը, ուր մարդիկ պիտի հաւաքուին, պիտի քննարկեն այս իշխանութիւնները հեռացնելու հարցն ու Հայաստանի ապագային հետ կապուած հարցերը:

 

Մանուկեանը նաեւ յայտնած էր, որ մինչեւ հանրահաւաքի օրը ամէն օր` ժամը 17:00-19:00, ան Ազատութան հրապարակի վրայ պիտի ըլլայ եւ պիտի հանդիպի քաղաքացիներուն հետ: