1921 թ. Փետրուարեան ապստամբութեան 100-ամեակին առիթով 18 Փետրուարին Գառնիի մէջ տեղի ունեցած նախաձեռնութեան ընթացքին ՀՅԴ անդամ, լեզուաբան, ԵՊՀ ընդհանուր լեզուաբանութեան ամպիոնի վարիչ Վարդան Պետրոսեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ  1921 թ. Փետրուարհան համաժողովրդական ապստամբութեան յաջորդած հարիւր տարիներու ընթացքին, յատկապէս` մինչեւ նախորդ դարու կէսերը, երբ տակաւին ողջ էին ապստամբութեան առաջնորդներէն ոմանք (Ս. Վրացեան, Պաշգառնեցի Մարտիրոս, Կ. Սասունի եւ ուրիշներ), եւ 1990-էն վերջ, երբ հայ ժողովուրդը վերանուաճեց իր անկախութիւնը, այդ յիրաւի նշանաւոր, պատմական իրադարձութեան մասին յաճախ  գրուած է, սակայն սխալած  չենք ըլլար, եթէ ըսենք, որ մինչեւ օրս ան կը մնայ ըստ արժանւոյն չգնահատուած:

Փետրուարեան ապստամբութիւնը ըստ արժանւոյն չգնահատելը, ըստ Վարդան Պետրոսեանին, ունի քաղաքական կամ, աւելի  շատ, կուսակցական պատճառներ:

«Անկախ շարժառիթներէն, այդպիսի վերաբերմունքը կարելի չէ արդարացած ըլլայ: Ճիշդ է` ապստամբութեան ղեկավարները, որոշ բացառութիւններով, դաշնակցական յայտնի գործիչներ էին, եւ այդպէս ալ պիտի ըլլար, բայց ապստամբութիւնը կուսակցական չէր: Հակառակ որ պոլշեւիկ հեղկոմականները իրենց գործած վայրագութիւնները փորձած են արդարացնել` պատճառաբանելով իբրեւ թէ դաշնակցականները իշխանութիւնը յանձնելու պահուն արդէն իսկ  վերանուաճելու որոշում  ունեցած են, իրականութեան մէջ այդպիսի մեղադրանքը անհեթեթ է, որովհետեւ 1920-ի աշնան հայ-թրքական պատերազմին կրած ծանր պարտութենէն վերջ (ի դէպ` հիմնականօրէն նոյն պոլշեւիկներու` բանակին մէջ հակապետական գործուն քարոզչութեան պատճառով) ՀՅԴ-ի կողմէն իշխանութեան համար պայքարիլը այլեւս անմտութիւն պիտի ըլլար, եւ դաշնակցական ղեկավարները  լաւ կը  գիտակցէին», ըսաւ լեզուաբանը:

Օրուան խորհուրդը արժեւորելու  ներկայացած էին նաեւ բազմաթիւ երիտասարդներ: Անոնցմէ քանի մը հատը  յայտնի խմբապետ Պաշգառնեցի Մարտիրոսի (Մարտիրոս Աբրահամեան) շիրիմին վրայ տեղի ունեցած  աւանդական խոստումի արարողութեան ընթացքին անցան ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան շարքերը: ՀՅԴ ՀԵՄ-ի շարքերը համալրած երիտասարդներուն կնքահայրը ՀՅԴ Գառնիի Կոմիտէի անդամ Ալպերթ Յարութիւնեանն էր:

Վարդան Պետրոսեանը նախաձեռնութեան մասնակիցներուն յայտնեց նաեւ, որ, Փետրուարեան ապստամբութեան 100-ամեակին ընդառաջ, Գառնիի աւագանիի որոշումով փողոցներ  անուանակոչուած են յայտնի խմբապետներ Մարտիրոս Աբրահամեանի (Պաշգառնեցի Մարտիրոս), Ղազար Քոչարեանի (Քեաչալ Ղազար), Մակեդոն Յակոբջանեանի եւ Խնկօ Ասատրեանի անուններով: