ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբը յայտնած է, որ ԱՄՆ Քոնկրէսի հարիւր անդամներ կոչ ուղղած են Ճօ Պայտընի վարչակազմին որոշակի քայլեր ձեռնարկելու Արցախի գոյատեւման եւ Հայաստանի անվտանգութեան համար: ԱՄՆ պետքարտուղարին եւ Պաշտպանութեան նախարարին հասցէագրուած նամակով դիտել տրուած է ԼՂ շուրջ ստեղծուած ճգնաժամի լրջութիւնը, որ անցնող տարի աշնան ատրպէյճանաթրքական յարձակումին հետեւանքով յառաջացած է: Քոնկրէսականները ԱՄՆ-ի կողմէն շտապ գործողութիւններ առաջարկած են: Անոնք կոչ ուղղած են Պայտընի վարչակազմին օգնելու Արցախի ժողովուրդին` իր համայնքները վերականգնելու համար, մասնակցելու Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին վրայ հիմնուած տարածաշրջանային կայուն կարգաւորման որոնումներուն, ճանչնալու Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը եւ դերը, իբրեւ այդ հակամարտութեան կարգաւորման օրինական բանակցային կողմ, առանցքային դեր ունենալու հայ գերիներու անյապաղ ազատ արձակումը ապահովելու , աջակցելու Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ատրպէյճանական յարձակումին հետեւանքով տեղահանուած հայերուն, ինչպէս նաեւ Ճօ Պայտընին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կոչ ուղղած են: