«Արմէնփրէս».- Երեւանի Ալ. Թամանեանի անուան ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-հիմնարկէն ներս, 20 Փետրուարին սկսած է Շուշիի գորգերու թանգարանէն պատերազմի ընթացքին տարհանուած  օրինակներու ցուցադրութիւնը:

Գորգերը Շուշիի թանգարանի հիմնադիր Վարդան Ասծատրեանի անձնական հաւաքածոյէն  են եւ  Շուշիէն տարհանուած են 1 Նոյեմբեր 2020-ին:

Ան Շուշիէն կրցած է դուրս բերել  մօտաւորապէս 160 գորգերու ցուցանմուշներ: Շուշիի գորգերու երեւանեան ցուցադրութեան ներկայացուած ամենահին նմոյշը 350 տարեկան է` Ասկերանի շրջանի Շօշ գիւղէն: