22 Փետրուարին, Երեւանի Պրահայի այգիէն սկիզբ առաւ  Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի անհնազանդութեան երթը:
Ցոյցի մասնակիցները կը վանկարկէին` «Նիկոլ Դաւաճան», «Առանց Նիկոլ Հայաստան»: Անոնք կը պահանջեն ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հրաժարականը:

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի համակարգող, ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան անհնազանդութեան երթէն առաջ`լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին շեշտեց, որ Նիկոլ Փաշինեան պէտք է հեռանայ:

Սաղաթէլեան, խօսելով շարժումի վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեանի յայտարարած Ա եւ Բ ծրագիրներու մասին, յայտնեց, որ անոնցմէ վերջ մէկ ծրագիր եւս կայ: Ան վստահեցուց, որ սահմանադրական ճամբով կ’ընթանան:

Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ, որ սադրանքներ պիտի չիրագործեն , բայց նաեւ թոյլ պիտի չտան, որ երբեւէ որեւէ մէկը նման սպառնալիքներով ահաբեկէ մեր ժողովուրդը:

Երթի մասնակիցները Հ․ Քոչար փողոցէն անցան դէպի Բաղրամեան պողոտայ:

Երթի ընթացքին ԱԺ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Նաիրա Զոհրապեան յայտարարեց. «2300 հայ մայր կը փնտռէ իր զաւակը, իսկ Ատրպէյճան յայտարարեց, որ այլեւս թոյլ պիտի  չի տայ, որ գրաւեալ տարածքներուն մէջ որոնողական աշխատանքներ կատարուին: Նիկոլ Փաշինեան պայմանաւորուած կերպով յանձնած է Արցախը: Նիկոլ Փաշինեան եւ իր խունտան պիտի կենան դատարանին առջեւ: Արցախը յանձնողներուն Նիւրնպերկը պիտի ըլլայ,  որեւէ մէկը  չկասկածի»․

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի խորհուրդի անդամ Արփինէ Յովհաննիսեան երթի ընթացքին ըսաւ, որ այս իշխանութեան ամենալպիրշ եւ ամենացինիկ ներկայացուցիչներէն մէկը երէկ մեզի փոխանցած է գերագոյն-գլխաւոր վախկոտի, հոգին խեղուածի, դաւաճանի ուղերձը, որ եթէ ինչ որ  իրենց սպասածէն աւելին ըլլայ, ապա անոնք կրակ պիտի բանան ժողովուրդին վրայ:

ԱԺ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իւետա Տօնոյեան դիտել տուաւ, որ 9 Նոյեմբերէն անցած է արդէն երեք ամիս, եւ այս երեք ամիսներու ընթացքին բռնատիրութեան փաստաթուղթը ստորագրած, վարչապետի աթոռին սոսնձուած պաշտօնեան չէ պատասխանած  քանի մը կարեւոր հարցերու․ «Քանի՞ զոհ  ունեցած ենք մենք Արցախեան երկրորդ պատերազմին, քանի՞ն ստացած են հաշմանդամութեան աստիճաններ, ՀՀ տարածքէն քանի՞ հազար քառակուսի մեթր  կորսնցուցած ենք:

Երթին մասնակիցները պարերաբար կոչ ուղղած էին միանալու երթին, միանալ եւ ոչ ըսել Նիկոլին: Երթին կը մասնակցէին բազմահազար քաղաքացիներ:

Քաղաքացիները պատշգամբներէն կ’ողջունէին Փաշինեանի հրաժարականին պահանջով երթի մասնակիցները:

Երթի մասնակիցները կանգ առին նախագահական նստավայրին մօտ: «Ցաւօք սրտի արցախեան կորուստէն վերջ  շատ հայրենակիցներ հասկցան, թէ 2018 թուականին ով  բերած էին իշխանութեան: Բայց կրնային  նաեւ 2018 թուականին հասկնալ, որ իշխանութեան  բերած են մէկը, որ միայն կը սիրէ նիւթապաշտութիւնը, յարմարաւէտութիւնը: Հիմա,  հոս կեցած կը դիմենք ՀՀ նախագահին, որ պաշտօնապէս միացաւ ժողովուրդի շարժումին ու վարչապետի հրաժարականի պահանջին, որ Արմէն Սարգսեանը պաշտօնական պահանջի տէրը ըլլայ: Անոր համար ունի 2 գործողութիւն` չվաւերացնէ որեւէ փաստաթուղթ, որ կ’ուղարկուի նախագահական պալատ վաւերացման եւ երկրորդը ` պէտք է դիմէ գործողութիւններու ` քաղաքացիներուն, օրէնքը պաշտպանելու եւ կառավարութեան ու Նիկոլի հրաժարականը ժամ առաջ իրականութիւն դարձնելու համար»,- նախագահական շէնքին դիմաց յայտարարեց Գեղամ Մանուկեան:

«Գործ է, յարուցած են, ինչ  եղած է որ: Առաջին անգամը չէ, որ իմ դէմս գործ կը յարուցեն», Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի երթի ընթացքին ըսաւ ընդդիմութեան թեկնածու Վազգէն Մանուկեան` պատասխանելով լրագրողի այն հարցումին, որ իր յայտարարութիւններու մասով քրէական գործեր  յարուցուած են:  Անդրանիկ Քոչարեանի յայտարարութեան առնչութեան Մանուկեան ըսաւ․ «Իշխանութիւնը պահելու համար կը մտածէ այդ քայլին դիմել , բայց չի կրնար եւ չի համաձակիր», ըսաւ Մանուկեան ու շարունակեց, որ ժողովուրդն է անոնց հետ պահողը:

Երթ մասնակիցները կանգ առին Ազգային ժողովին դիմաց: «Երեք տարի առաջ ԱԺ դարպասները բացած էին, ըսած էին ԱԺ-ն ժողովուրդինն է, Հայաստանի մէջ փակ դարպասներ պիտի չըլլան: Հիմա նայեցէք այս դարպասներուն, վերջին 2-3 ամսուան մէջ կրկնակի ամրացուցած են, սա է այս իշխանութեան դիմագիծը», յայտարարեց Իշխան Սաղաթէլեանը եւ կոչ ուղղեց պատգամաւորներուն  փողոց գալու եւ միանալու պայքարին:

«Առանց Նիկոլ Հայաստան» կարգախօսով երթին մասնակիցները հասան Ֆրանսայի հրապարակ, ուր ամփոփեցին երթը: