«Էրմէնիհապեր».-Ռուսիոյ մէջ բնակող հայ քաղաքագէտ Սերկէյ Կուրղինեան արձագանգած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար   Սերկէյ Լաւրովի  յայտարարութեան, թէ Թուրքիան չի փափաքիր ստեղծել Մեծ Թուրան, Անգարան պարզապէս աշխուժօրէն կը զարգացնէ իր յարաբերութիւնները թրքալեզու երկիրներուն հետ:

 

Ըստ Լաւրովին, ԽՍՀՄ-ի կազմին մէջ մտնող, իսկ այժմ անկախութիւն ձեռք բերած թւրքալեզու երկիրները չեն աջակցիր  այդ ամէնուն:

Լաւրովի այդ յայտարարութեան պատասխանած է հայ քաղաքագէտ Սերկէյ Կուղինեան, «Россия 1» պատկերասփիւռի եթերով:

«Լաւրովը հիանալի մարդ եւ դիւանագէտ է: Եթէ Լաւրովը ըլլար Թուրքիոյ խնախագահ, ես կը հաւատայի իր բոլոր խօսքերուն, բայց որքան ես գիտեմ Թուրքիոյ նախագահը այլ ազգանուն ունի եւ ան բոլորովին այլ բաներ կ’ըսէ: Ան կ’ըսէ, որ թրքական աշխարհը պէտք է միանայ եւ երբ ինծի կ’ըսեն պէտք  չէ հաւատալ իր խօսքերուն,  հարց մը կը յառաջանայ, ան շատախօս եւ դատարկաբա՞ն է, թէ ոչ: Էրտողան կը ձգտի ստեղծել Թուրան, այդ պարագային ինչու՞ մենք անոր հետ կառուցենք յարաբերութիւններ»,  ըսած է քաղաքագէտը: