Երեք­շաբ­թի, 23 Փետր­ուար 2021-ին, Սուր­իոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար դոկտ. Ֆայ­սալ Մըք­տատ առ­ցանց մաս­նակ­ցե­ցաւ Ժը­նե­ւի մէջ Մարդ­կա­յին Իրա­ւունք­նե­րու Պահ­պան­ման Խոր­հուր­դի 46-րդ շր­ջա­նի խորհր­դա­ժո­ղո­վին։ Մըք­տատ կոչ ուղ­ղեց խոր­հուր­դին վերջ տա­լու ԱՄՆ-ի պար­տադ­րած տն­տե­սա­կան ապօ­րի­նի պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րուն եւ Սուր­իոյ ժո­ղո­վուր­դին անն­կա­րագ­րե­լի դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րուն փա­րա­տու­մը առաջ­նա­հեր­թու­թիւն հա­մա­րե­լու։ Ան շեշ­տեց, որ ան­հիմն են այն հա­ստա­տում­նե­րը, թէ տն­տե­սա­կան պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րը քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն ապ­րուս­տին վրայ որե­ւէ ազ­դե­ցու­թիւն չեն ու­նե­նար: Փաս­տօ­րէն պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րուն նպա­տակն է քա­ղա­քա­ցի­նե­րը զր­կել ապ­րուս­տի նուա­զա­գոյն կա­րիք­նե­րու ապա­հո­վու­մէն։
Մըք­տատ աւել­ցուց. «Մարդ­կա­յին Իրա­ւունք­նե­րու Պահ­պան­ման Խոր­հուր­դը իր կազ­մու­թե­նէն 15 տա­րի ետք, ցա­ւօք արեւմտ­եան կարգ մը պե­տու­թիւն­նե­րու գոր­ծի­քը դար­ձած է՝ ու­րա­նա­լով իր առա­քե­լու­թիւնը»։
Մըք­տատ եզ­րա­փա­կե­լով ըսաւ. «Սուր­ի­ան պի­տի շա­րու­նա­կէ ահա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րիլ եւ սուր­ի­ա­կան հո­ղե­րէն վա­նել օտար ու­ժե­րը»։