Երեք­շաբ­թի, 23 Փետր­ուա­րին, Հայ­րե­նի­քի Փր­կու­թեան Շար­ժու­մի կո­չին ըն­դա­ռա­ջե­լով, քա­ղա­քա­ցի­ներ հա­ւաք­ուե­ցան Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րա­կան 3-րդ մաս­նա­շէն­քին դի­մաց՝ խո­չըն­դո­տե­լու վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շին­եա­նի մուտ­քը շէնք: Իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կա­նուխ առա­ւօ­տուն փա­կած էին ամ­բողջ տա­րած­քը քա­նի մը հա­զար ոս­տի­կան­նե­րով՝ այս­պի­սով փոր­ձե­լով ապա­հո­վել Փա­շին­եա­նի ան­խա­փան մուտ­քը կա­ռա­վա­րա­կան 3-րդ շէնք:
Յայ­տա­րար­ուած շար­ժու­մը պի­տի սկ­սէր ժա­մը 11:30-ին (Երե­ւա­նի ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցով), սա­կայն ան­կէ 30 վայրկ­եան առաջ ար­դէն իսկ ոս­տի­կա­նա­կան զօր­քե­րը պատ կազ­մած էին:
ՀՅԴ-ի ան­դամ Գե­ղամ Մա­նուկ­եան դի­տել տուաւ, որ ոս­տի­կան­նե­րու նման քա­նակ ան­նա­խա­դէպ է: «Շատ ող­բեր­գա­կան վի­ճակ է. կը յի­շէ՞ք հե­ծա­նիւով աշ­խա­տան­քի գա­ցող Նի­կոլ Փա­շին­եա­նը: Իսկ այ­սօր՝ 2,5 տա­րի ետք, հա­զա­րա­ւոր ոս­տի­կան­ներ կը հս­կեն նոյն մար­դուն: Եւ հի­մա հարց կը յա­ռա­ջա­նայ՝ իշ­խա­նա­կան­ներ, այդ դո՞ւք կը խօ­սիք հան­րա­յին վս­տա­հու­թեան մա­սին, ձեր մի­ակ յե­նա­րա­նը ոս­տի­կա­նու­թիւնն է, որ կեդ­րո­նա­ցու­ցած էք Երե­ւա­նի մէջ 200 մեթր քա­լե­լու հա­մար: Այս­պէս պի­տի շա­րու­նակ­ուի ամէն օր: Ամէն օր իրենք պի­տի առե­րես­ուին իրա­կա­նու­թեան հետ, որ­պէս­զի հասկ­նան, թէ ի՛նչ աւեր գոր­ծած են մեր երկ­րին մէջ: Ամէն ան­կիւ­նի վրայ հա­զա­րա­ւոր քա­ղա­քա­ցի­ներ հա­ւաք­ուած են եւ չեն կր­նար աշ­խա­տան­քի եր­թալ», նշեց Մա­նուկ­եան:
«Թուրք», «Դա­ւա­ճան» վան­կար­կում­նե­րուն ներ­քեւ Նի­կոլ Փա­շին­եան մտաւ կա­ռա­վա­րա­կան 3-րդ մաս­նա­շէնք: Ոս­տի­կան­նե­րը չա­փա­զանց­ուած ուժ կի­րար­կե­լով եւ հրմշտ­կե­լով քա­ղա­քա­ցի­նե­րը, զա­նոնք լե­ցու­ցին ոս­տի­կա­նա­կան ինք­նա­շարժ­ներ ու բեր­ման են­թար­կե­ցին: Անոնց կար­գին էին ՀՅԴ Հա­յաս­տա­նի Գե­րա­գոյն մար­մի­նի ան­դամ Աշոտ Սի­մոն­եան, ՀՅԴ «Նի­կոլ Աղ­բալ­եան» ու­սա­նո­ղա­կան միութ­եան վար­չու­թեան ան­դամ Գե­րա­սիմ Վար­դան­եան, Հայ­րե­նիք կու­սակ­ցու­թե­նէն Բաբ­գէն Յա­րու­թիւն­եան:
Ոս­տի­կան­նե­րը փոր­ձե­ցին բռ­նի ու­ժով բեր­ման են­թար­կել ՀՅԴ Հա­յաս­տա­նի Գե­րա­գոյն մար­մի­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Իշ­խան Սա­ղա­թէլ­եա­նը, որ կր­ցաւ ազա­տիլ եւ հե­ռա­նալ ցոյ­ցի տա­րած­քէն, սա­կայն ոս­տի­կան­նե­րը հե­տապն­դե­ցին եւ կր­կին փոր­ձե­ցին բեր­ման են­թար­կել, սա­կայն չյա­ջո­ղե­ցան:
Կա­ռա­վա­րու­թեան մաս­նա­շէն­քե­րուն մօ­տէն Նի­կոլ Փա­շին­եա­նի հրա­ժա­րա­կա­նը պա­հան­ջող 57 քա­ղա­քա­ցի­ներ բեր­ման են­թարկ­ուե­ցան:
Ժա­մեր անց Փա­շին­եան դուրս եկաւ կա­ռա­վա­րութ­եան եր­րորդ մաս­նա­շէն­քէն՝ անվ­տան­գու­թեան մե­ծա­թիւ աշ­խա­տա­կից­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, իսկ քա­ղա­քա­ցի­նե­րը կը վան­կար­կէ­ին «Դա­ւա­ճա՛ն, հե­ռա­ցի՛ր», «Հո­ղա­տու»:
Նոյն օրը, 23 փետր­ուա­րի երե­կոյ­եան Հայ­րե­նի­քի փըր­կու­թեան շար­ժու­մի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ Փա­շին­եա­նի հրա­ժա­րա­կա­նին պա­հան­ջով Արամ Մա­նուկ­եա­նի ար­ձա­նին մօ­տէն սկ­սաւ անհ­նա­զան­դու­թեան երթ՝ դէ­պի դա­տա­խա­զու­թեան, ապա ոս­տի­կա­նու­թեան շէնք: Եր­թին մաս­նա­կից բազ­մա­հա­զար քա­ղա­քա­ցի­ներ կը գո­չէ­ին՝ «Առանց Նի­կոլ Հա­յաս­տան»:
Քա­ղա­քա­ցի­նե­րը պատշ­գամ­նե­րէն կ՚ող­ջու­նէ­ին Փա­շին­եա­նի հրա­ժա­րա­կա­նը պա­հան­ջող­նե­րը: Եր­թին մաս­նա­կից­նե­րը պար­բե­րա­բար կոչ կ՚ուղ­ղէ­ին անոնց՝ իջ­նե­լու եւ մի­ա­նա­լու եր­թին, ոչ ըսե­լու Նի­կոլ Փա­շին­եա­նին: Երե­ւա­նի փո­ղոց­նե­րուն մէջ վա­րորդ­նե­րը ազ­դան­շան­նե­րով ող­ջու­նե­ցին եր­թի մաս­նա­կից­նե­րը, որոնց կար­գին էին նա­եւ զոհ­ուած զի­նուոր­նե­րու ծնող­ներ:
ՀՅԴ Հա­յաս­տա­նի Գե­րա­գոյն մար­մի­նի ան­դամ Արծ­ուիկ Մի­նաս­եան յայտ­նեց, որ ակն­յայտ է, որ Փա­շին­եան այ­լեւս Հա­յաս­տա­նի մէջ իշ­խա­նու­թիւն չու­նի, իսկ անոր իշ­խա­նու­թիւնը պա­հո­ղը միայն ոս­տի­կա­նա­կան հա­մա­կարգն է: «Ոս­տի­կա­նա­պե­տու­թեան ձգ­տող դա­ւա­ճա­նը օր առաջ պէտք է հե­ռա­նայ, եւ մեր հան­րու­թիւնը որ­քան շուտ հա­մախմբ­ուի այս կա­րե­ւոր հար­ցին շուրջ, այն­քան շուտ մենք կ՚ազատ­ուինք այս յան­ցա­գոր­ծէն, եւ անոր նկատ­մամբ օրէն­քով նա­խա­տես­ուած քր­է­ա­կան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւնը վրայ կը հաս­նի», ըսաւ ան:
ՀՅԴ Հա­յաս­տա­նի Գե­րա­գոյն մար­մի­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ, Հայ­րե­նի­քի փր­կու­թեան շար­ժու­մի հա­մա­կար­գող Իշ­խան Սա­ղա­թէլ­եան քայ­լեր­թի ըն­թաց­քին յայ­տա­րա­րեց, որ դէ­պի դա­տա­խա­զու­թիւն եր­թը չեղ­եալ նկատ­ուե­ցաւ, եւ եր­թի մաս­նա­կից­նե­րը ուղղ­ուե­ցան դէ­պի Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան ծա­ռա­յու­թեան (ԱԱԾ) շէնք, ապա՝ ոս­տի­կա­նու­թիւն: Ան հաս­տա­տեց, որ պի­տի չար­տօ­նեն, որ Նի­կոլ Փա­շին­եան՝ յե­նե­լով ոս­տի­կա­նու­թեան վրայ, Հա­յաս­տա­նի մէջ բռ­նա­պե­տու­թիւն հաս­տա­տէ, ուս­տի ան նա­եւ դի­մեց ոս­տի­կա­նու­թեան ուշ­քի գա­լու, ժո­ղո­վուր­դին կող­քին կանգ­նե­լու, չկա­տա­րե­լու ապօ­րի­նի հրա­հանգ­նե­րը եւ փր­կե­լու եր­կի­րը:
Մէկ Հա­յաս­տան կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Ար­թուր Ղա­զին­եան յայտ­նեց, որ այս իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րը բա­ւա­րար է քր­է­ա­կան գործ յա­րու­ցե­լու հա­մար՝ պե­տա­կան ծա­ռա­յու­թեան եւ պե­տու­թեան դէմ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­ներ կա­տա­րել­նուն հա­մար:
Պար­բե­րա­բար յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս եկան ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­ներ, նախ­կին պաշ­տօն­եա­ներ եւ ան­հատ­ներ:
Փա­շին­եա­նի հրա­ժա­րա­կա­նի պա­հան­ջով՝ քա­ղա­քա­ցի­նե­րը քայ­լեր­թով հա­սան ոս­տի­կա­նու­թեան շէնք, ուր մե­ծա­թիւ ոս­տի­կա­նա­կան ու­ժեր կա­յին, եր­թի մաս­նա­կից­նե­րը վան­կար­կե­ցին՝ «Նի­կոլ դա­ւա­ճան»:
Ոս­տի­կա­նու­թեան շէն­քին դի­մաց ընդ­դի­մա­դիր քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րը ծա­ղիկ­ներ զե­տե­ղե­ցին Արամ Մա­նուկ­եա­նի կի­սանդրի­ին առ­ջեւ:
Ընդ­դի­մու­թեան վար­չա­պե­տի թեկ­նա­ծու Վազ­գէն Մա­նուկ­եան՝ դի­մե­լով ոս­տի­կան­նե­րուն՝ ըսաւ, որ ոս­տի­կան­նե­րուն կող­մէ նոյն օրը առա­ւօտ­եան բա­նեց­ուած դա­ժան ճն­շում­նե­րը ան­նա­խըն­թաց էին:
Քա­ղա­քա­ցի­նե­րը ապա եր­թով հա­սան ԱԱԾ շէն­քին մօտ, ուր կոչ ուղղ­ուե­ցաւ ոս­տի­կան­նե­րուն՝ խնա­յե­լու իրենք զի­րենք ու իրենց սպա­յի պատիւը, տէր կանգ­նե­լու իրենց առա­քե­լու­թեան:
Ան­կէ ետք եր­թին մաս­նա­կից­նե­րը հա­սան Ֆրան­սա­յի հրա­պա­րակ, ուր Գե­ղամ Մա­նուկ­եան յայ­տա­րա­րեց, որ Հինգ­շաբ­թի օր տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ինք­նա­շարժ­նե­րով եր­թեր, իսկ 24 փետր­ուա­րի շար­ժում­նե­րուն բնոյթն ու վայ­րե­րը անակն­կալ են: