«Մարդիկ իրենց 20-ամեակի տարեդարձները ռեստորաններում են տօնում, մենք Եռաբլուրում ենք, բալէ՜ս…: Մարդիկ իրենց 20- ամեայ տարեդարձները ռեստորաններում են տօնում, բալէ՜ս, իսկ մենք՝ Եռաբլուրում, բալէ՜ս, ա՜խ, բալէ՜ս, ցաւդ տանեմ, բալէ՜ս…»:
Ողբացող մօր հեկեկանքին ձայնը ձիւնախառն մրրիկին հետ եկաւ ու ոսկորներս ծակեց…
Նորօրեայ նահատակ, հայրենադարձ երիտասարդ Կարօ Յովակիմեանի քառասունքին առիթով հաւաքուածներս մեր հայեացքները մեզմէ քանի մը գերեզման հեռու, ծնրադիր տղուն նկարը շոյող մօր ուղղեցինք ու բնականաբար աւելի յուզուեցանք… Տղուն տարեդարձն էր փաստօրէն… Երեք հոգիով եկած էին «տարեդարձ յիշելու»:
Քանի մը վայրկեան ետք, անսպասելիօրէն, մեր խումբէն մէկը երգելու կը սկսի. «Ախ ֆետայինե՜ր, ջան ֆետայիներ, ձեր մայրերը ձեզ ղուրպան, Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարա…, Կարապետ, թող, թող…»: Կարոյին մեծ հայրն է, որ երգով փորձեց իր վիշտը արտայայտել, բայց վիշտը խեղդեց ծերունիին կոկորդը, ու աչքերէն հոսող արցունքները արտասուքի վերածուեցան: Լացինք բոլորս, տղամարդի՛կ ու կանա՛յք, հայաստանցիք ու սփիւռքահայեր, լացինք միասնաբա՛ր: Ձիւնը կը շարունակէր տեղալ, կը տեղար առատօրէ՛ն, կարծես մեր այրող հոգիները կ՚ուզէր զովացնել: Ցաւի, ողբի ու ափսոսանքի կրակ կայ մեր հոգիներուն մէջ:
Միայն հինգ գոյն կը գերիշխէ Եռաբլուրին վրայ՝ իւրաքանչիւր գերեզմանի վրայ բարձրացող եռագոյնը, կարմիր ու սպիտակ մեխակները, սեւ տապանաքարերն ու ամէն ինչ ծածկող ձիւնի սպիտակը: Գոյներու այս համադրումին մէջ բազմաթիւ մարդոց եռուզեռ կայ, լուռ, բայց նեղացուցիչ եռուզեռ, ինչո՞ւ այսքան մարդ կայ այստեղ, ինչո՞ւ այսքան մարդ պէտք էր ըլլար այստեղ…
Հարազատներով կ՚ողջագուրուինք ու մեր ճամբան կը բռնենք դէպի դուրս: Ու ահա մեր դիմաց հայր ու մայր մը կը քալեն գլխիկոր ու արցունքոտ աչքերով: Հայրը իր մէկ ձեռքով մե՛ծ շրջանակ մը կուրծքին սեղմած, միւս ձեռքով ցաւէն կքած կնոջ ձեռքէն բռնած՝ կը քալէ մեր ուղղութեան հակառակ: Շրջանակին նկարին կողմը ալեհեր մարդուն կուրծքին սեղմուած է, չեմ տեսներ ո՛վ ըլլալը: Վստահաբար նահատակ տղուն նկարն է: Շրջանակը պիտի տանի ու տապանաքարին վրայ հանգչեցնէ՝ հազարներ հաշուող պայծառ դէմքերուն կողքին աւելնալու:
Ամբողջ սրտովս կ՚ուզեմ տեսնել նահատակին նկարը, բայց հայրը այնքան ամուր սեղմած է կուրծքին, որ թէեւ դիտմամբ ճի՛շդ քովէն կ՚անցնիմ ու անմիջապէս ետեւ կը նայիմ տեսնելու նկարը, ափսոս, բան չեմ տեսներ: Կարեւոր չէ… բոլորը անխտիր մեր լուսաւոր տղաքն են…
Ահաւոր ծանրութիւն մը կուրծքս պատած, շնչելու դժուարութեամբ կը հասնիմ մեքենայիս ու կը փորձեմ դուրս գալ Եռաբլուրէն: Բլուրէն դէպի պողոտայ տանող ճամբու աւարտին ճանապարհային ոստիկանները դուրս ելլել փորձող մեքենաները կը կեցնեն ու յանկարծ ինքնաշարժներու շարասիւն մը ներս կը մտնէ: Ըստ երեւոյթին, նահատակի մը յուղարկաւորութիւնն է:
Հայաստանեան տիպիկ «Նիվա» մեքենաներ, իւրաքանչիւր մեքենայի առջեւ մեխակներով մեծ տառ մը գրուած ու բարձրացուած է: Կը սկսիմ կարդալ՝ առաջին մեքենային վրայ՝ Հ, երկրորդին՝ Ա, երրորդին Մ, չորրորդին՝ Ո, հինգերորդին վրայ տառ չէ գրուած, այլ թուական՝ 2000 ու ետեւէն շտապ օգնութեան մեքենայ մը, ապա սովորական տասնեակ մեքենաներ:
Պատերազմէն գրեթէ չորս ամիս ետք, տակաւին Եռաբլուրի մէջ օրական դրութեամբ մեր անմահացած տղոց յուղարկաւորութիւններ տեղի կ՚ունենան… Չորս ամիս ետք օրական թաղում կայ Եռաբլուրի մէջ, անհաւատալի ու նոյնքան ցաւալի… իսկ հիմա 2000-ին ծնած ՀԱՄՕ-ին յուղարկաւորութիւնն էր…:
Եռաբլուրէն դէպի «Ազատութեան» հրապարակ կը հասնիմ ու կը միանամ այս ողբերգութեան վերջ տալու եւ մեր կոտրուած մէջքը շտկելու ձըգտող հազարներու հանրահաւաքին: Ցաւի, ողբի, կորուստի, յուսահատութեան եւ ափսոսանքի զգացումները մէկ կողմէն, յոյսի, կամքի եւ այս ծանր ճգնաժամէն դուրս գալու վճռակամութեան զգացումները՝ միւս կողմէն, կ՚ալեկոծեն ամբողջ էութիւնս: Եռաբլուրին ու հրապարակին միջեւ հիմնական հասարակ յայտարար մը կը փորձեմ գտնել ու երկար փնտռտուքէ ետք կը գտնեմ այդ: Հիմնական յայտարարը լուսաշող նահատակներուն եւ ցուցարարներուն ԱՉՔԵՐՆ էին, որոնցմէ մէ՛կ ու յստա՛կ պատգամ կու գար՝ պայքարիլ:
Գէորգ Յակոբճեան