Երկիրը «Հայրենի» է, լեզուն՝ «Մայրենի»… Ուրեմն կրնաք պատկերացնել, թէ ինչքան կարեւոր է լեզուն հայրենիքի կողքին, իսկ երկուքն ալ՝ ազգը պահելու համար:
Մայրենիի օրուան առիթով երբ կը մտորենք, ընդհանրապէս կը նկատենք ժխտական երեւոյթներ, որոնք մեզ՝ հայերէնի սիրահարներս լրջօրէն կը մտահոգեն:
Ժխտական բոլոր երեւոյթներուն կողքին, սակայն, եւ ինչո՞ւ չէ, զանոնք հակակշռող երեւոյթ մըն ալ կայ, որ մեզ կը գօտեպնդէ. ատիկա՝ դիմատետրն է:
Դիմատետրը իր շատ մը անիմաստ ու աժան գրութիւններուն կողքին, ունի էջեր ստորագրութեամբը հոյլ մը արեւմտահայերէնի քաջ գիտակ անձերու, որոնք աշխարհի զանազան հայագաղութներէն լեզուական զանազան հարցեր կը բարձրացնեն, տեսակէտներ կը պարզեն, գաղափարներ առաջ կը քշեն, ուղղագրական, քերականական, շարահիւսական սխալներ կը սրբագրեն: Այդ գրութիւնները արձագանգ կը գտնեն լրջօրէն հետեւողներու կողմէ, եւ ահա՛, երկխօսութիւն մը ծայր կու տայ, կարծիքներ կը փոխանակուին… ու այս բոլորը՝ ի շահ մեր լեզուին:
Այս խումբին անդամներուն թիւը կամաց-կամաց կը մեծնայ, օղակը կ՚ընդլայնի, ու Հայաստանէն, մինչեւ Ամերիկա, Միջին Արեւելքէն, մինչեւ Եւրոպա, ծանօթ եւ անծանօթ անուններ կը ներգրաւուին: Հայաստանէն դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան, Սօսի Միշոյեան-Տապպաղեան, Լիբանանէն բժկ. լեզուագէտ Արմենակ Եղիայեան, Գերմանիայէն խմբագիր Իշխան Չիֆթճեան, Հալէպէն Լեւոն Շառոյեան, Ամերիկայէն Վարդան Մաթէոսեան, Վեհանոյշ Թէքեան եւ ուրիշներ յոյժ օգտաշատ գործ կը կատարեն այս ուղղութեամբ, որոնց կատարած ներդրումը փափախուն կը պահէ մեր լեզուին բազմաչարչար սիրտը: Դեռ կան արձակագիրներ, բանաստեղծներ, հրապարակագիրներ, որոնք մաքրամաքուր հայերէնով դիմատետրի վրայ կը տեղադրեն իրենց գրութիւնները:
Մէկ խօսքով, վերոյիշեալ անձերուն վերաբերմունքը հայերէնի հանդէպ մեծապէս գնահատելի է եւ գօտեպնդիչ:
Մայրենիի օրուան առիթով ջերմագին ողջոյն ծանօթ եւ անծանօթ հայերէնի սիրահարներուն:
Յակոբ Միքայէլեան