Տակաւին երէկուան պէս կը յիշեմ, թէ ինչպէ՛ս զուարճանքով կը պատրաստուէինք Բարեկենդանի տօնակատարութիւններուն, երգերը եռանդով կ՚երգէինք, ձեռայիններ կը պատրաստէինք, իսկ ամենահաճելին՝ մեր երազած կերպարները կը դառնայինք ու ծպտուելով երեւակայական աշխարհ մը կը փոխադրուէինք: Երբ պատանի դարձայ սկսայ բաւարարուիլ դիմակով մը, չէ որ մեծցած էի այլեւս, եւ այդ բոլորը մանկական կը թուէին ինծի: Այսպիսի հայկական աւանդական տօնակատարութիւններով Սփիւռքի մէջ տարիներ շարունակ պահած ենք մեր ազգային պատկանելիութիւնն ու աւանդոյթները։
Երբ չափահաս դարձայ, սակայն, նկատեցի, որ ոմանք տարուան 365 օրերը Բարեկենդան կը համարեն, յատկապէս այս  օրերուն՝ բժշկական դիմակին կողքին, իրենց բնաւորութիւնն ու էութիւնը ծածկող աննկատ դիմակ մըն ալ կրելով, յաճախ համաձայն գտնուելով խօսակիցին բոլոր միտքերուն՝ նոյնիսկ եթէ ներքուստ հակառակ տեսակէտ ունենան։ Այսպիսիներուն համար անկեղծութիւնը յիմարութեան համազօր է, որովհետեւ իրենց համար կեանքը կեղծիքի վրայ հիմնուած է։ Անոնք իրենց հոգին բանալու յանդգնութիւն չունին, քանի որ չեն ճանչցած իրենք զիրենք, չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ՚ակնկալեն կեանքէն, ի՛նչ բանի համար պէտք է պայքարին, ինչպէ՛ս սիրեն եւ ինչպէ՛ս սէր ու բարութիւն տարածեն իրենց միջավայրին մէջ։
Եւ ինչպէս բժշկական դիմակը կ՚անհանգստացնէ զայն կրողը,նոյնպէս ալ երբ մարդիկ շինծու դիմակ կրեն, ուրիշին հաճելի թուելու համար միայն, քարացած անձնաւորութիւններ կը դառնան, չեն վայելեր յարգանքը ո՛չ իրենց միջավայրին, ոչ ալ մտերիմներուն։
Բարեկենդանը առիթ մըն է մտածելու իսկականին եւ կեղծին տարբերութեան մասին։ Յիշենք անցեալի օրերը,երբ Բարեկենդան տօնելու համար սրահ կը մտնէինք գոյնզգոյն, զարդարուն դիմակներով, եւ կը դժուարանայինք զիրար գտնել ու ճանչնալ։Բայց երբ դիմակները մէկդի նետենք, մեր ինքնութիւնը պարզած կ՚ըլլանք եւ դիւրաւ  յարաբերութիւն կը մշակենք մեր շրջապատին հետ, միեւնոյն ատեն վայելելով մարդոց յարգանքն ու սէրը, որովհետեւ մարդիկ լաւապէս կը զանազանեն կեղծիքն ու ճշմարտութիւնը… Աւելին՝ չեն յարգեր կեղծաւորը, չեն վստահիր անոր, ինչ պաշտօնի վրայ ալ գտնուի ան։
Կեանքը շատ կարճ է ու դժբախտութիւն է զայն դիմակահանդէսի վերածելը։ Ուրեմն ըլլանք հայելին մեր միտքին, արտայայտուինք անկեղծօրէն, չթաքնուելով զարդարուն դիմակներու ետին, ժամանակաւորապէս հաճելի թուելու համար ուրիշին։
 Բարեկենդանը տօնենք տարին անգամ մը, յիշելով որ անկեղծութեան մէջ են որեւէ մահկանացուի իւրայատկութիւնն ու արժէքը։
Մարինա Ասատուրեան