ՀՅԴ Հոլանտայի Հայ Դատի Յանձնախումբը հպարտութեամբ յայտարարեց, որ հոլլանտահայութեան եւ, մասնաւորաբար ՀՅԴ-ի Հոլանտայի Հայ Դատի Յանձնախումբի տարիներու անխոնջ աշխատանքը արդէն  տուաւ իր նոր արդիւնքը: Արդարեւ, Հոլլանտայի խորհրդարանը ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հերթական որոշումը, որով Հոլանտայի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ՝ պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Հակառակ Հոլանտայի խորհրդարանին կողմէ  Հայոց Ցեղասպանութեան բազմակի ճանաչման, Հոլանտայի կառավարութիւնը տակաւին այդ քայլը չէր առած: 26 Փետրուարին տուած որոշումը յստակօրէն կը դիմէ կառավարութեան` պաշտօնական ճանաչման պահանջով:

Քրիստոնէական-Ժողովրդավարական Միութեան (CDA) կուսակցութեան անդամ Վան Հելվերթը նախաձեռնող պատգամաւորներէն մէկն էր, որ խորհրդարանին ներկայացուց այս բանաձեւը: