«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամուլի խօսնակ Համի Աքսոյը պատասխանած է Հոլանտայի ներկայացուցիչներու պալատին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ընդունուած որոշումին վերաբերող հարցումին:

25 Փետրուարին Հոլանտայի ներկայացուցիչներու պալատին մէջ ընդունուած եւ կառավարութեան 1915թ. Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կոչ ընող որոշումին մասին Աքսոյ յայտնած է, որ  պատմութիւնը քաղաքական դրդապատճառներով վերաշարադրելու «իրաւական ուժ չունեցող փորձ է»:

Աքսոյի համոզումին համաձայն, խորհրդարանները պատմութիւնը գրելու ու դատելու վայր չեն:

«Այս որոշումը ընդունողները փոխարէնը պարզեն, թէ իրականութեան մէջ ինչ  տեղի ունեցած է 1915թ., ժողովրդականի պէս կը վազեն քուէի ետեւէն: Խնդրոյ առարկայ որոշումին տակ ստորագրողները կը հրաւիրենք 1948թ. ՄԱԿ-ի «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու եւ անոր համար պատիժի մասին» համաձայնութիւնն ու ՄԻԵԴ որոշումները ստուգել, պատմական հարցը աւելի լաւ հասկանալու միտուած ջանքերուն աջակցիլ», ըսած է ան:

Խօսնակը այնուհետեւ անդրադառնալով թրքական իշխանութիւններու կողմէն Հայաստանին քանիցս ներկայացուող առաջարկին, պնդած է, որ  պատմաբաններու միատեղ յանձնաժողով ստեղծելու իրենց առաջարկը, որուն Հայաստանը չէ պատասխանած, այդ ջանքերուն գլխաւորն է:

«Հոլանտայի կառավարութենէն մեր ակնկալիքն է, որ ընդունի օրէնքի գերակայութիւնը պահպանող վերաբերմունք: Իսկ ներկայացուցիչներու պալատը աւելի ճիշդ կ’ընէ եթէ վերջին շրջանին յաճախակի կատարուող իրականութենէն կտրուած, Թուրքիոյ դէմ ուղղուած որոշումներուն փոխարէն, ձգտի պայքարիլ՝  չափերը անցնող այլատեացութեան, որուն ամէն օր բախում կ’ունենայ Հոլանտայի թրքական համայնքը, իսլամաֆոպիայի ու այլոց նկատմամբ թշնամանքի եւ վերջապէս խտրական գործողութիւններուն դէմ, որոնք յանգեցուցած են կառավարութեան հրաժարականին», ըսած է Թուրքիոյ ԱԳՆ մամուլի խօսնակը: