1 Մարտին Բաղրամեան պողոտային մէջ սկսած  է Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի հանրահաւաքը: Մասնակիցները  պահանջած են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անյապաղ հրաժարականը, յայտնած են իրենց լիակատար աջակցութիւնը Զինեալ Ուժերու Գլխաւոր շտապին:

ՀՅԴ անդամ Գեղամ Մանուկեան յայտարարեց, որ  շատ մը հայրենակիցներ, որոնք Հայաստանի տարբեր շրջաններէն տարբեր պատճառներով դժուարութիւն ունէին անցնող օրերուն մասնակցելու մեր հանրահաւաքներուն, այսօր գտած են շատ յարմար լուծում․ Անոնք պետական դրամով իշխանութեան փողերով անվճար հասած են Երեւան, եւ հասկնալով, որ իրաւունք չունին մասնակցելու հողատուի հանրահաւաքին, քիչ-քիչ կը միանեն Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումին, որովհետեւ կը հասկնան, որ հայը չի կրնար ըլլալ  տեղ մը, ուր պիտի հնչեն կարգախօսներ ընդդէմ բանակի բարձրագոյն հրամանտարութեան:

Ան նաեւ յայտարարեց, որ տարբեր համայնքներ, աշխատանքային խումբեր մասնակցած են «Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումին», որուն մասին  յայտարարուած է հանրահաւաքի ընթացքին: Ի դէպ, Բաղրամեան պողոտային մէջ ստորագրահաւաք կատարուած է`ի աջակցութիւն «ֆեյքի» գործով կալանաւորուած Ազգային Ժողովի աշխատակազմի նախկին ղեկավար Արա Սաղաթէլեանին:

Հանրահաւաքին հնչած են «Հայաստան առանց Նիկոլի», «Նիկոլը դաւաճան է», «Ազգ, բանակ, յաղթանակ» կարգախօսները:

Թեւանեան իր ելոյթով յայտնեց, որ 1 Մարտին տեղի  կ’ունենայ երկու հանրահաւաք, առաջինը հոս` նպատակը Հայոց ազգային բանակի կողքին ըլլալն է, իսկ արտառոցն է այս պատմութեան մէջ , որ հանրապետութեան հրապարակին մէջ Նիկոլ Փաշինեան հաւաքած է հանրահաւաք` ի պաշտպանութիւն թրքական բանակին:

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի խորհուրդի անդամ Արփինէ Յովհաննիսեան հանրահաւաքի ընթացքին ընթերցեց Փաշինանին ուղղուած նամակը ` ակնկալելով ներկաներուն համաձայնութիւնը, որ  ՀՀ քաղաքացիներու անունով հրապարակուած է:

ԶՈՒ ԳՇ նախկին պետ, ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար, ԶՈՒ գեներալ-գնդապետ Իւրի Խաչատուրովին Բաղրամեան պողոտայի հարթակին վրայ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով բազմահազար քաղաքացիներ ողջունեցին բարձր ու երկարատեւ ծափահարութիւններով:

Դիմելով Զինեալ Ուժերու սպաներուն,  յիշեցուց, որ ԶՈՒ ԳՇ տարածած յայտարարութեան տակ ստորագրած են ոչ միայն գեներալները, այլեւ բանակը, իսկ այդ կը նշանակէ, որ հրամանատարը չէր կրնար միանալ այն յայտարարութեան, որուն համաձայն չեն իր անձնակազմը, եթէ ան միացած է, ուրեմն խօսած է զինուորներուն, պայմանագրայիններուն հետ:

Իրաւապահ համակարգին Սեյրան Օհանեան խորհուրդ տուաւ, որ իրենց քիթը չխոթեն բանակի գործերուն մէջ, որովհետեւ անոնք հոն շատ դժուար փորձութեամբ կրնան անցնիլ:

Սեյրան Օհանեան ժողովուրդին կոչ ուղղեց սատարելու բանակին, որպէսզի մոլորութեան մէջ չըլլան:

Կոչով դիմելով հաւաքուածներուն` Ռուբէն Մխիթարեան ըսաւ, որ այս հրապարակին մէջ հաւաքուած է ազգի սերուցքը:

 

ԲՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Միքայէլ Մելքումեան իր ելոյթով յայտնեց, որ պէտք է միատեղեն իրենց ուժերը, որովհետեւ Փաշինեանը թքած ունի հասարակութեան, տնտեսութեան եւ ընկերային հարցերուն վրայ:

Ելոյթներով հանդէս եկան ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ անդամ Տարօն Տօնոյեան, ընդդիմութեան միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեան:

Հանրահաւաքի աւարտին ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան կոչ ուղղեց երթով հասիլ ՀՀ նախագահի նստավայր եւ իրենց աջակցութիւնն ու սատարումը յայտնեն ՀՀ նախագահին:

Ան դիտել տուաւ, որ այսօր իրենք աւանդական դարձած երթ չեն ըներ, որպէսզի խուսափին Հանրապետութեան հրապարակէն մեկնարկած երթի մասնակիցներուն հետ բախումներէ: