Երեքշաբթի, 2 Մարտ 2021-ին, Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուած 54 պարագաներ արձանագրուեցան, 79 վարակուածներ բուժուեցան, իսկ 5 ուրիշներ մահացան։ Այսպիսով Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 15642-ի, բուժուածներունը՝ 9880-ի, իսկ մահացածներունը՝ 1032-ի։