ՀՀանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ տարածած է յայտարարութիւն մը՝ Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Օննիկ Գասպարեանը պաշտօնէն ազատ կացուցելու առաջարկին վերաբերեալ հանրապետութեան նախագահի որոշումին մասին:
«Հանրապետութեան նախագահը կարեւորում է Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերի գլխաւոր շտապի պետ Օննիկ Գասպարեանին պաշտօնից ազատելու հարցի վերաբերեալ առաջացած քաղաքական ճըգնաժամի հրատապ հանգուցալուծումը:
Այդ նպատակով հանդիպումներ են եղել վարչապետի, զօրավար-գընդապետ Օննիկ Գասպարեանի եւ զինուած ուժերի բարձրագոյն հրամանատարական կազմի հետ: Ուսումնասիրուել են ազատելու մասին հրամանագրի նախագծի առնչութեամբ նախագահի առարկութիւնները չընդունելու վերաբերեալ վարչապետի հիմնաւորումները:
Ակնյայտ է, որ ստեղծուած իրավիճակն արդիւնք է պատերազմական եւ յետպատերազմական ժամանակաշրջանում քաղաքական եւ ռազմական գործիչների շրջանում առկայ տարաձայնութիւնների՝ երբեմն խիստ անձնաւորուած մօտեցումներով: Չեն կարող անտեսուել նաեւ հրամանագրի ստորագրմանն առարկելու համար հիմք հանդիսացած իրաւական առումով խնդրայարոյց մեկնաբանութիւնները, իրաւակիրառ փորձը, օրէնքի հնարաւոր բացը:
Հանրապետութեան նախագահն իր նախորդ յայտարարութիւններում ընդգծել է, որ խնդրի շուտափոյթ եւ Սահմանադրութեան շրջանակներում կարգաւորումը Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան ու կայունութեան համար առաջնային կարեւորութիւն ունի եւ բացարձակ անհրաժեշտութիւն է պետականութեան պահպանման, հասարակութեան հետագայ պառակտումը կանխելու, ժողովրդի միասնութիւնը եւ հանրային համերաշխութիւնը վերականգնելու, ստեղծուած անորոշ վիճակից դուրս գալու եւ վերջնական հանգուցալուծման հասնելու համար:
Հանրապետութեան նախագահը որոշել է չստորագրել հրամանագրի նախագիծը:
Միաժամանակ, առաջնորդուելով Սահմանադրութեան 169-րդ յօդուածի 1-ին մասի 4-րդ կէտով, հանրապետութեան նախագահն առանձին դիմումով դիմելու է Սահմանադրական դատարան «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» 2017թ. Նոյեմբերի 15-ի Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի՝ Սահմանադրութեանը համապատասխանելու հարցը որոշելու խնդրանքով:
Հանրապետութեան նախագահը, հաւատարիմ իր յանձնառութեանը, շարունակելու է իրավիճակի հետագայ կայունացմանն ուղղուած քայլերը եւ կոչ է անում բոլորին՝ նախագահի հաստատութիւնը ծառայեցնելով որպէս հարթակ, բանակցել առկայ բոլոր խնդիրների համապարփակ լուծումը գտնելու նպատակով», նշուած է նախագահի գրասենեակի տարածած յայտարարութեան մէջ:
Նախագահ Արմէն Սարգսեանի յայտարարութենէն ետք Հայաստանի լրատուամիջոցները, քաղաքական կուսակցութիւններն ու գործիչները անդրադարձան անոր՝ յստակացումներ եւ վերլուծումներ կատարելով: Յատկանշական էր սահմանադրագէտ Վարդան Այվազեանի զրոյցը, որ ունեցած է «Երկիր»ին հետ: Զրոյցին ընթացքին Այվազեան ըսած է, թէ Հայաստանի նախագահը այսպիսով առիթ կու տայ զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Օննիկ Գասպարեանի պաշտօնանկութեան, որովհետեւ ան Սահմանադրական Դատարան կ՚ուղարկէ «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» օրէնքը, ինչ որ ոչ մէկ ազդեցութիւն կ՚ունենայ Գասպարեանի պաշտօնէ արձակման ընթացակարգին վրայ, որովհետեւ վերջինին վերաբերող առաջարկին սահմանադրականութիւնը վիճարկելու համար չէ, որ կը դիմէ դատարան:
«Այդ օրէնքը ոչ մէկ առնչութիւն ունի վարչապետի միջնորդութեան հետ: Այդ օրէնքի ընթացքը, ճակատագիրը առկայ վէճի հետ որեւէ առնչութիւն չունի: Վարչապետի առարկութիւնները ետ ուղարկելէ ետք նախագահը 3 օր ժամկէտ ունի եւ եթէ 3 օրուան ժամկէտին մէջ չդիմէ Սահմանադրական դատարան, Գլխաւոր շտապի պետը կը նկատուի ազատ կացուցուած: Ինչպէս ինք կ՚ըսէ՝ «չեմ ստորագրեր», ատիկա հեքիաթ է, որովհետեւ ալ ոչ մէկը պիտի հարցնէ՝ կը ստորագրե՞ս, թէ՞ ոչ, իրաւունքի ուժով՝ վարչապետի միջնորդութիւնը ուժի մէջ կը մտնէ, Գլխաւոր շտապի պետը կը նկատուի աշխատանքէ ազատուած», բացատրեց սահմանադրագէտը:
Այսպիսով, նախագահ Սարգսեան տակաւին միայն մէկ օր ունի ընդհանուր հրամանատարի պաշտօնանկութեան հարցով դիմելու Սահմանադրական դատարան, այլապէս 4 Մարտին Օննիկ Գասպարեան արդէն պաշտօնէ կ՚արձակուի: